ԻՏԱԼԻԱ

Փատովա քաղաքի շքանշանը կը յանձնուի երկու հայասէրներու

Վերջերս, Փատովայի քաղաքապետարանը պարգեւատրեց «Արդարասէր» մարդու (Righteous) կոչումով եւ Քաղաքին կնիքով տաս անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են բռնաբարման եւ քաղաքական ծայրայեղութիւններու ենթարկուած մարդոց օգնելու համար:

2008-ին Փատովայի քաղաքապետարանը բացաւ «Արդարասէրներու Տուն»ը կամ «Պարտէզ»ը, որ քաղաքի կեդրոնին մօտ կը գտնուի եւ բաղկացած է՝ Էլիոյ Արմանոյ անունով փատովացի արուեստագէտին քանդակազարդած պղնձածեփ շաղախէ անհամաչափ մենաքարերու կոթողային շարքէ մը:
Այս տարի, Փատովայի Արդարասէրներու կնիքը, Հայերու համար, վիճակեցաւ Ֆայէզ էլ-Ղոսէին պետեւի փաստաբանին եւ Ռակըբ Զարաքոլու թուրք մտաւորականին եւ հրատարակչին:  Առաջինը Հայոց ցեղասպանութեան ականատես եղած ըլլալով, այդ մասին վկայած է արաբերէն լեզուով գրի առած   իր յուշերուն մէջ, մերկացնելով տեսածներուն իսկական շարժառիթները, որպէսզի Եւրոպայի աչքին Իսլամը չերեւէր որպէս ծայրայեղական, ոճրային կրօնք:
Ռակըբ Զարաքոլու, բազմաթիւ անգամներ բանտ մտած իր կնոջ Այշէ Նուրի հետ, ամբաստանուած է թրքական ինքնութեան դէմ դաւաճանութեամբ եւ վտանգաւոր գործունէութիւններու որպէս ներշնչարար: Ռակըբ եւ կինը՝ հայ, ասորի եւ յոյն փոքրամասնութեանց խնդիրներուն մասին շարք մը գիրքեր թարգմանած են եւ հրատարակած՝ «Պելկէ» անունով իրենց հիմնած հրատարակչատան միջոցով:
Հադիսակատարութիւնը սկսաւ առաւօտ ժամը 10-ին Փատովայի «Արդարասէրներու Պարտէզ»ին մէջ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ ժամը 1, Վենետիկի եւ Փատովայի սահմանագծին վրայ գտնուող Նովենտա Փատովանա դալարաւէտ աւանին մէջ։ ՀՀ Իտալիոյ դեսպան պր. Ռուբէն Կարապետեանի փոխարինութեամբ խօսք առաւ ՀՀ Իտալիոյ պատուոյ հիւպատոսը՝ պր. Պիետրօ Քիւչիւքեան, որ ուրուագրեց Ֆայէզ էլ-Ղոսէինի եւ Ռակըբ Զարաքոլուի անձերն ու հայանպաստ գործունէութիւնը: Ֆայէզ էլ-Ղոսէինի եւ Ռակըբ Զարաքոլուի ծածկուած պղինձէ կոթողները բացուեցան պր.  Քիւչիւքեանի,   Վարդան Ճաքոմելլիի եւ հայր  Լեւոն Զէքիեանի կողմէ միասնաբար:
Կէսօրէ վերջ ժամը 4-ին, հանդիսաւոր պարգեւատրութիւնը եւ «Փատովայի Արդարասէրներու Կնիք»ին յանձնումը տեղի ունեցաւ «Palazzo della Ragione» կոչուած, իտալական արուեստի գլուխ գործոց՝ Փատովայի միջնադարեան դատարանին մէջ:
այէզ էլ-Ղոսէինի սուրիաբնակ որդին չէր կրցած ժամանել երկրի քաղաքական կացութեան պատճառով: Իսկ Ռակըբ Զարաքոլուն կնիքը ստացաւ փրոֆ. Ջուլիանօ Պիզանիի ձեռքէն: Թուրք լրագրողը խօսքին մէջ ընդգծեց կարեւորութիւնը մտածումի ազատութեան համար պայքարին, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքները դադրին ոտնակոխ ըլլալէ եւ պատմական իրադարձութիւնները չծածկուին: Իր վերջին բանտարկութեան ակնարկելով, ըսաւ՝ «Մեզի համար բանտը վանքի պէս եղած է, ուր կը խոկանք եւ կը գրենք»: Ռակըբ Զարաքոլուն Փատովայի շքանշանը նուիրեց իր զաւակին՝ Տենիզին, որ բանտ մտած է 17 Հոկտեմբեր 2011-ին եւ դեռ արգելափակուած կը մնայ:

ԼԻԲԱՆԱՆ

Մասնակցութեամբ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն Լիբանանի
անկախութեան նուիրուած եզակի եւ մեծաշուք տօնակատարութիւն

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2012-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան իւրայատուկ հանդիսութիւն, մասնակցութեամբ Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու դիմադրութեան ջոկատին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի պաշտօնական դէմքերու, կրթական պատասխանատուներու ու Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտութեան:
Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը եւ երգչախումբը ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յատագիր մը, որուն ճամբով աշակերտները արտայայտեցին Լիբանանին նկատմամբ իրենց կարծիքներն ու կեցուածքները:
Տօնակատարութեան երկրորդ բաժինով, Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու դիմադրութեան ջոկատը տողանցքով սկսաւ զինուորական վարժութիւններուն ցուցադրութիւնը: Վարժարանի տանիքներէն պարաններով եւ յատուկ ձեւերով իջնելու ցուցադրութիւնը կատարելէ ետք, ջոկատը զրահապատի մը ընթացքը դադրեցնելու փորձը ներկայացուց: Վերջին բաժինով, զինուորները կրակէ օղակին մէջէն անցնելու եւ ինքնապաշտպանութեան յատուկ ձեւերու փորձեր կատարեցին: Այս ոգեւորիչ մթնոլորտը աշակերտութեան մօտ յառաջացուց մեծ խանդավառութիւն:
Աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Լիբանանեան բանակը երկրի ապահովութեան միակ երաշխիքն է, եւ որուն բացակայութեամբ երկրին կայունութիւնը կը վտանգուի: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն, որոնք ընդառաջեցին Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ անկախութեան տօնակատարութեան տուին գոյն, եռանդ եւ իւրայատկութիւն:

 

Հայ գիրքի տպագրութեան նուիրուած ոգեւորիչ հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական խմբակին, «ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սէրլի Պէսիլ, որ նշեց, թէ հայ տպագրութենէն 500 տարի ետք, հակառակ հաղորդակցութեան նոր միջոցներուն, համացանցին եւ այլ սարքերուն, գիրքերուն արժէքը կը մնայ անփոխարինելի:Պէսիլ ըսաւ, որ հայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայ աշակերտութիւնը պէտք է շարունակէ մտահոգուիլ հայ գիրքով, որովհետեւ դաստիարակութեան, լեզուի զարգացման, նկարագրի կազմաւորումին եւ պատմութեան պահպանման լաւագոյն միջոցն է:
Տեղեկատուական խմբակին կողմէ պատրաստուած հայ տպագրութեան նուիրուած վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»ը:
Օրուան պատգամախօսն էր Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայ տպագրութեան պատմական արժէքն ու հայութեան համար կարեւորութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրի բ. մասով, Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ հայ աշակերտը իր պատմութեան հետ պէտք է ունենայ ամուր կապ,պէտք է հպարտ զգայ, որ ինք հայ է, եւ պէտք է գիտակցի, որ մեծ ժառանգութիւն ունի: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը նշեց, որ տեղեկատուական խմբակի կազմակերպած իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը ոգեւորիչ էր եւ գնահատելի:

 

Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Հայ երիտասարդներու ջանքերով՝ Թուրքիոյ փոխհիւպատոսը հեռու կը մնայ UCLA-ի ձեռնարկէն

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 17ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան ու ՀԵԴի անդամներու ջանքերուն շնորհիւ, Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ փոխհիւպատոս Թոլկա Արսլան ջնջած է համալսարանին մէջ ծրագրուած իր ելոյթը, որ տեղի պիտի ունենար ՄԱԿի օրինակով շրջանի երկրորդական վարժարաններուն համար կազմակերպուող համագումարի մը ընթացքին:
Սովորաբար հազարէ աւելի ուսանողներ կը մասնակցին այս նախաձեռնութեան, որուն ընթացքին կը քննուին քաղաքական ներկայ իրադարձութեանց, միջազգային յարաբերութեանց եւ յատկապէս ՄԱԿի առնչուող հարցեր:
Նշեալ հայկական կազմակերպութիւնները անընդունելի գտած էին այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ փոխհիւպատոսը հրաւիրուած ըլլայ ելոյթ ունենալու՝ իբրեւ գլխաւոր բանախօս, եւ այդ պատճառով ալ բողոքի արշաւ մը իրականացուցած էին համալսարանէն ներս՝ նշելով, թէ Թուրքիա իր որդեգրած քաղաքականութեամբ տեւաբար կ՛ոտնակոխէ ՄԱԿի սկզբունքները, ուստի՝ փոխհիւպատոսին պէտք չէ առիթ տրուի ուսանողներուն առջեւ նման ելոյթ ունենալու:
Այս արշաւին շնորհիւ, թրքական հիւպատոսարանը տեղեկացուցած է ձեռնարկը կազմակերպողներուն, թէ փոխհիւպատոսը ներկայ պիտի չըլլայ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կանգնած էր փոխհիւպատոսը այս ձեռնարկէն հեռու պահելու նպատակով նշեալ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան ու ՀԵԴի կողմէ առաջ տարուած ջանքերուն: