Վճռորոշ շաբաթ մը
Ռուսական «Մոսկուա» ռազմանաւը, իրեն ընկերացող աւելի փոքր նաւերով, Միջերկրականի մէջ կը գտնուի՝ ամերիկեան ծովուժին «դէմ յանդիման»:
Ռուսական զինուած ուժերու պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն՝ «ռուսական ծովուժը Արեւելեան Միջերկրական պիտի գտնուի, Կազայի տագնապի պատճառով ռուս քաղաքացիներու ապահովութեան հսկելու համար»:
«Մոսկուա» ռազմանաւը S-300PMU1 տիպի մարտկոց կը փոխադրէ, ըստ երեւոյթին, որպէս վճռակամ դիրք՝ ՆԱԹՕի Patriot PAC-3ին հանդէպ:
Defencenet կայքէջը կը հաղորդէ թէ 1973էն ետք, առաջին անգամն է որ ռուսական ծովուժ կը յայտնուի շրջաէն ներս:
Կազայի գօտիի բնակչութիւնը, ութօրեայ կռիւներէ ետք, հազիւ անցնող երկու օրերուն վերջապէս կարողացաւ փողոց ելլել, հրադադար մը կնքուած ըլլալով: Շաբթուան մը ընթացքին, աւելի քան 150 պաղեստինցի եւ 5 իսրայէլացի սպաննուած են: