Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս  Գահիրէ այցելեց, անցեալ շաբաթավերջին, անձամբ շնորհաւորելու ղպտի եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Թէոդորոս Բ.ը: Վեհափառ հայրապետին ընկերացան Սեպուհ արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի հայոց), Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (Միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ) եւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան (գաւազանակիր):


Ողջունելով Թէոդորոս Բ.ի ընտրութիւնը՝ վեհափառ հայրապետը շեշտեց ղպտի եւ հայ եկեղեցիներուն դարաւոր բարեկամութեան ու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցու- թեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ ընդգծեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը գործնապէս արտայայտելու հրամայականը:
Թէոդորոս պատրիարք ձայնակցելով վեհափառին ա- ռաջարկներուն անդրադարձաւ վեհափառին երկար տարիներու ձեռք ձգած փորձառութեան միջեկեղեցական մարզին մէջ եւ իր կարգին ընդգծեց ընդհանրապէս արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ միջեկեղեցական գործակցութեան նոր մղում տալու կարիքը:
Պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ, որուն ներկայ եղան շուրջ 50 հոգի, արքեպիսկոպոսներ եւ աշխարհականներ: Ճաշի ընթացքին, վեհափառը առիթը ունեցաւ աւելի մտերիմ զրոյց ունենալու պատրիարքին հետ, յատկապէս Եգիպտոսի ներքին կացութեան մասին:
Վեհափառը նոյն օր վերադարձաւ Անթիլիաս: