Երէկ Կիրակի երեկոյեան, իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի տարածքին կազմակերպուած Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնը:

Չորս օրուայ ընթացքին կայացած նուիրահաւաքին մասնակցեցան Ֆրանսա, Գերմանիա, Հոլլանտա, Յունաստան եւ Զուիցերիա:
Ըստ նախնական տուեալներու՝ Եւրոպայի տարածքին հանգանակուած ընդհանուր գումարը կը կայանայ 1.500.000 եւրօ գումարի թիրախին շուրջ: Հաշուառումը կը շարունակուի եւ շուտով պիտի յայտարարուի: