ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս վերջերս խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ հաշմանդամութիւն ունեցող կիներու  նկատմամբ բռնութեան կանխարգիլման ու վերացման նիւթով:

Այս խորհրդաժողովի նպատակն էր վեր հանել բռնարարքներու  պատճառները եւ հետեւանքները՝  քննարկելով ազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ ռազմավարութիւն եւ քաղաքականութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱԿ-ի մօտ  ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան համահեղինակութեամբ տեղի ունեցած այս հանդիպման մասնակցեցան ու ելոյթներով հանդէս եկան ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տնտեսական զարգացման հարցերով օգնականը, ՄԱԿ-ի կանանց հարցերով գործադիր տնօրէնի տեղակալը, Գլխաւոր քարտուղարի Կանանց հանդէպ բռնութիւններու հարցերով յատուկ զեկուցողը, կազմակերպութեան ընկերային եւ տնտեսական հարցերու բաժանմունքի, ընկերային  քաղաքականութեան ու զարգացման ստորաբաժնի անդամ երկիրներու  ու հասարական կազմակերպութիւններու  ներկայացուցիչները:
ՄԱԿ-ի մօտ  ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանը իր ելոյթին մէջ  յոյս յայտնեց, որ քննարկումները եւ առաջարկութիւնները պիտի  նպաստեն 2013ի  Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ  կայանալիք Հաշմանդամութեան եւ զարգացման ՄԱԿ-ի բարձր մակարդակի հանդիպման նախապատրաստման:
ՀՀ դեսպանը ընդգծեց, որ Քոփենհակընի ընկերային  զարգացման համաշխարհային համաժողովը ընկերային համարկումը բնորոշած է որպէս «հասարակութիւն բոլորի համար, ուր անհատը ունի իրաւունքներ, պատասխանատը- ւութիւն եւ աշխուժ դերակատարում»:
Դեսպան Նազարեանը խօսեցաւ  նաեւ Հայաստանի ընկերային  քաղաքականութեան մարտահրաւէրներու  եւ առաջնայնութիւններու  մասին, ներկայացուց ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագրերը՝ ուղղուած ազգաբնակչութեան խոցելի հատուածի հիմնախնդիրներու  լուծման եւ աղքատութեան յաղթահարմանը, որոնք կը բխին նաեւ դեռ եւս 2010էն Հայաստանի կողմէ վաւերացուած  ՄԱԿ-ի հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու  մասին դաշնագրէն:
Հանդիպման մասնակիցներու շարքին էր Կարինէ Գրիգորեանը, որ 2007ին  Գիւմրիի մէջ  հիմնադրած էր յատուկ կարիքներ ունեցող կանանց «Ագաթ» կեդրոնը: Որպէս հիմնական զեկուցողներէն մին՝ ան  ներկայացուց Հայաստանէն ներս իր ղեկավարած հասարակական կազմակերպութեան գործունէութիւնը, խօսեցաւ հաշմանդամ կիներու  պաշտպանութեան եւ այդ ուղղութեամբ կեդրոնի կողմէ  ձեռնարկուած քայլերու մասին: