Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու մեծ յաղթողը Պարաք Օպաման էր:
«Յառաջ» նշանաբանով, ան անգամ մը եւս վերընտրուեցաւ՝ յառաջիկայ քառամեակի նստաշրջանը ղեկավարելու համար:
Յունաստանի ժամով, ժամը 06:30էն ետք յայտնի դարձան արդիւնքները, ըստ CNNի հաղորդած լուրերուն: Նիւ Եորքէն Շիքակօ կազմակերպուած խանդավառ հաւաքներով ամերիկացիները տօնեցին Օպամայի յաղթանակը, որ 303 պատուիրակներով յաջողուեցաւ:
Միթ Ռոմնիի դէմ ընտրական ճակատամարտը խիստ անցաւ Օպամայի համար, որ յաջողեցաւ երկարաձգել իր կեցութիւնը Սպիտակ Տան մէջ, չորս տարի եւս: Նախընտրական պայքարը սուր էր, յատկապէս որոշ նահանգներու մէջ, ուր երկու թեկնածուներուն միջեւ տոկոսային տարբերութիւնները շատ փոքր էին:
Ընտրութիւններու արդիւնքի յստակացումէն ետք՝ Պարաք Օպամա Twitter ընկերային ցանցի իր հաշիւին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին, որ անգամ մը եւս վստահեցաւ իրեն, «Չորս տարի եւս» գրառութիւնը կատարելով եւ քովը հրատարակուած լուսանկարով:
Շիքակոյի Իլինոյի մէջ յաղթանակի ելոյթ ունեցաւ Պարաք Օպամա, մինչ Միթ Ռոմնի ընդունեց իր պարտութիւնը: