Պ
ոլսոյ հայաբնակ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող հայկական 200 տարուան նախակրթարանը՝ 33 տարի անց վերադարձուած է իսկական տէրերուն: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ը:
Պոլսոյ 13-րդ Առաջին ատեանի դատարանը՝ հայկական նախակրթարանը Սուրբ Ղազար կաթոլիկ Մխիթարեան եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հիմնադրամին վերադարձնելու որոշում կայացուցած է:
Հիմնադրամի նախագահ Ռիթա Նուրնուր յայտնած է, թէ իրենց գործադրած ջանքերը ապարդիւն չեն անցած:
Յիշեցնենք, որ 28 Օգոստոս 2011-ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ստորագրած էր հրամանագիր՝ քրիստոնէական ու հրէական եկեղեցիները եւ 1936-էն ետք բռնագրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին: Ըստ այդ հրամանագիրին՝ փոքրամասնութիւններուն պէտք է վերադարձուին հիւանդանոցները, մանկատուները, դպրոցները ու գերեզմանոցներու տարածքները: