«ԱԼԻՔ» կը հաղորդէ թէ Կիրակի, Նոյեմբերի 4-ին, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով, Նոր Ջուղա ժամանեցին «Հայ Դատն այսօր» 9-րդ խորհրդաժողովի զեկուցաբերներ՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանը,

պատմաբան, Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, իրանագէտ, աւագ գիտաշխատող, գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ Գոհար Իսկանդարեանը եւ թուրքագէտ, պատմական գիտութիւնների թեկնածու Արտակ Շաքարեանը:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիին մէջ  կայացաւ դասախօսական երեկոյ, որտեղ հրաւիրեալները առիթ ունեցան ունկնդրելու վերոյիշեալ զեկուցաբերներու դասախօսական ելոյթները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հաղորդավար Վերգինէ Միրզախանեանը, իսկ նախքան իւրաքանչիւր դասախօսական ելոյթը՝ հաղորդավարը ներկայացուց  նաեւ պատկան զեկուցաբերի հակիրճ կենսագրականը: 
Երեկոյի ընթացքին  Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի զեկոյցը փոխանցեց Գասպար Կարապետեանը, այնուհետեւ հերթաբար ելոյթ ունեցան Գոհար Իսկանդարեանը՝ «Հայկական Հարցը՝ Իրանի արտաքին քաղաքական համատեքստում», Լեռնիկ Յովհաննիսեանը՝ «Հողային պահանջատիրութիւնը՝ Արցախի հիմնահարցի համատեքստում» եւ Արտակ Շաքարեանը՝ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցը» թեմաներով: Զեկոյցներու  աւարտին դասախօսները պատասխանեցին ներկաներու  հարցումներուն։ Ներկայ էին՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն եպս. Չարեանը եւ կրօնական դասը, շրջանի Հայ Դատի յանձնախմբի անդամները, թեմի ազգային մարմիններու, միութիւններու, դպրոցներու տեսչութիւններու, ուսուցչական կազմերու եւ ծնողական խորհուրդներու ներկայացուցիչները: