Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը խորհրդակցական իր նիստը գումարեց Երկուշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2012ի կէսօրը, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից՝ Առաջնորդի գրասենեակին մէջ, ուր ներկայ իրավիճակի արժեւորումը կատարուեցաւ,

քննարկուեցան մեր համայնքին դիմագրաւած հսկայկան դժուարութիւնները, հաւաքաբար զանոնք յաղթահարելու միջոցներու որոնումը, ներքին եւ արտաքին բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները համակարգուած կերպով տնօրինելը, երկրիս տարբեր շրջաններու մեր ժողովուրդի կարիքներուն ուսումնասիրումը եւ իւրաքանչիւր շրջանի փորձառութեանց փոխանակումը։
Այս առիթով ժողովականները գոհութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ եւ երախտագիտութիւն հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու աշխարհական ղեկավարութեանց, Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ, բարեսիրական կազմակերպութեանց, թեմակալ Առաջնորդներու, Համայնքապետերու, Ազգային Իշխանութեանց ու Համայնքային Մարմիններու, Միութեանց ներկայացուցիչներու այս տագնապը շրջանցելու համար յառաջացած օժանդակող յանձնախումբերուն, յատկապէս բարերար ու բարեսէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք փութացին նիւթաբարոյական միջոցներով աջակցիլ եւ զօրակցիլ իրենց հարազատներուն, որոնց ազնիւ նուէրները արդէն կը հասնին եւ կը բաշխուին մեր հայրենակիցներուն՝ համապատասխան կարիքներուն։
Այս առիթով ջերմօրէն կը թելադրենք մամլոյ սպասարկութեանց, որ սուրիահայութեան տագնապը եւ զայն շրջանցելու բոլոր ճիգերը իրենց ճշգրիտ պատկերով ներկայացնեն, հեռու մնալով շուկայական հոգեբանութեամբ ու գրգռիչ մօտեցումներով վերագրումներ կամ արժեւորումներ կատարելէ։
Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու աշխարհիկ ղեկավարութիւնը մօտէն կը հսկեն ու կը հետեւին իրադարձութեանց եւ իրենց կարեիլն կը կատարեն, որպէսզի միասնական հոգիով օգտակար ըլլան եւ ծառայեն անխտիր մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Մենք կը հաւատանք Ամենակալին առաջնորդութեան ու կը վստահինք մեր ժողովուրդի միասնակամութեան, կարողականութեան ու տագնապները յաղթահարելու իմաստութեան։