Հոկտեմբեր 14, 2012-ին, Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը, մասնակցութեամբ,

12 Հոկտեմբերին Լոնտոն ժամանած, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանի եւ շարք մը հրաւիրեալներու, որոնց կարգին՝ ՀՅԴ կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Ժորժ Յովհաննէսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Խորհրդական Ա. Մարգարեան՝ որոնք իրենց շնորհաւորական խօսքն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեցին Միութեան 30-ամեայ մասնաճիւղի վարչական կազմին ու ներկայ բոլոր ՀՕՄուհիներուն: Ապա, Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Ն. Աւագ քահանայ Ներսէսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով մասնաճիւղի վարչութեան, գովաբանեց ՀՕՄուհիները, որոնք իրենց պարկեշտ ու խոնարհ ծառայութեամբ օգնութիւն կը հասցնեն հոն՝ ուր կարիքը կայ: Մասնաճիւղի ատենապետ Ժանէթ Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ նկարագրականը ըրաւ միաւորի աշխատանքներուն ու գնահատանքը  արձանագրեց ամէն մէկ ՀՕՄ-ականի նուիրումին:
Խօսքը ուղղելով այս ճոխ հիւրասիրութեան մասնակիցներուն,- որոնց շարքին էին բազմաթիւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ականներ ու Բրիտանիոյ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի (ԲՀԵԽ) ատենապետ Ա. Փալամուտեան,- Վիգի Մարաշլեան, շինիչ ու բանիմաց խօսքերով ներկայացուց ՀՕՄ-ի 100-ամեայ գործունէութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն, ծանրանալով Որբախնամ Ծրագիրներու տարողութեան վրայ: Ան իր գնահատանքը արձանագրեց 30-ամեայ ՀՕՄ-ի միաւորին, որ ճիգ չի խնայեր ո՛չ միայն տեղական կարիքները բաւարարելու, այլ մասնակից է միութեան համահայկական բոլո՛ր ծրագիրներուն - հայրենի տարածքներէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու այլուր:
Ատենապետուհիին խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ 100-ամեակի տեսաներիզը՝ հարուստ նկարազարդ տեղեկութիւններով Հայ Օգնութեան Միութեան մասին:
Այս յիշատակելի երեկոյթին յաջորդ օրն իսկ, Հոկտեմբեր 15-ին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին ներկայ գտնուեցաւ «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ կայացած ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին բացառիկ անդամական ժողովին՝ ուր վարչութեան ատենապետուհին՝ Ժանէթ Մարտիրոսեան ՀՕՄ-ականներուն ներկայացուց Վիգի Մարաշլեանը՝ որ ըստ պատշաճի փոխանցեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը, տալով լուսաբանիչ պատասխաններ եղած զանազան հարցումներուն շուրջ:
Յաջորդաբար, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղը պարգեւատրուեցաւ յատուկ Գնահատագրով մը՝ 20-ամեայ Որբախնամ Ծրագրին իր բերած յարատեւ ծառայութեան համար: Նոյն երեկոյթի ընթացքին, մասնաճիւղի երկու ընկերուհիներ, Ժաքլին Գարանֆիլեան եւ Սաթենիկ Անտոնեան պարգեւատրուեցան 25-ամեայ ծառայութեան յատուկ կրծքի նշանակներով:
Կ’արժէ նշել, որ Հոկտեմբեր 16-ին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներու ընկերակցութեամբ, այցելեց առողջական պատճառներով միութենական գործօն աշխատանքէ դադրած երախտաշատ անդամներ Ռուբինա Պօղոսեանին եւ Յասմիկ Գասպարեանին: