
Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցւոյ՝ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին մէջ զանգը ղօղանջեց...
Կիրակի Նոյեմբեր 4-ին սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս շատոնց արդէն յայտարարուած էր:
Պատարագին մասնակցելու նպատակով ժամանած էին մեծ թիւով հայեր, սփիւռքի տարբեր օճախներէ, ինչպէս նաեւ քիւրտեր: Նախապէս, օրհնութեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցած էր Մոսկուայի մէջ պատրաստուած զանգակատան համար:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը կը շարունակէ Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) քաղաքին մէջ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ վերականգնման աշխատանքները: Եկեղեցին փլուզման վտանգի առաջ գտնուած էր, 30 տարիէ աւելի անգործածելի վիճակի մէջ ըլլալով:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով CNN-Turk-ը, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, եկեղեցւոյ խաչով օժտուած գմբէթը՝ քաղաքին մէջ ամենաբարձր շէնքն էր. այդ իսկ պատճառով ազգայնականները պայթեցուցած էին եկեղեցին եւ կործանած եկեղեցւոյ զանգակատունը: Պոլսոյ պատրիարքարանի ջանքերով եկեղեցւոյ համար նոր զանգակ պատրաստուեցաւ Մոսկուայի մէջ, որ արդէն բերուեցաւ Տիարպեքիր: Օրհնութեան արարողութենէն ետք զանգը շուտով պիտի տեղադրուի զանգակատան վրայ:
Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայկական համայնքին պատկանող ամենամեծ եկեղեցին է: