Ուրբաթ 26 Հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ Սալմաստի Հաֆթւան գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Թաւրիզէն շուրջ երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող, դէպի Արեւմուտք: Ս. Պատարագը մատուցեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:
Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան, յիշելով որ եկեղեցին 14-րդ դարուն կառուցուած է եւ քարաշէն կառոյց է:
Յայտնենք, որ Հաֆթւանը 1890 թուին ունէր շուրջ 350 տուն բնակիչ: Այսօր Հաֆթւանի մէջ կ'ապրի մի քանի տուն հայ բնակչութիւն, երկու տասնեակ հոգիով:
Ս. պատարագէն ետք, ուխտաւորները Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ այցելեցին Հաֆթւանի դրացնութեամբ Մահլամ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցին, ուր դարձեալ կատարուեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն: 1711 թուին կառուցուած սոյն եկեղեցին աւելի փոքր ու գիւղական մատուռ է, որ վերջին ամիսներուն գանձախոյզներու կողմէ վնասներ կրած է:
Ուխտաւորներու նոյն խումբը ապա շարունակեց իր ճամբան, այցելելով Մահլամի գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, յատկապէս յիշելով այնտեղ հանգչող ինը նահատակները՝ Նիկոլ Դումանի խումբի ֆետայիները, որոնք 1898 թուի Հոկտեմբեր 14-ին նահատակուած էին, դաւադրութեան զոհ երթալով: Ապա, խումբը այցելութիւն տուաւ մեծ վիպասան Րաֆֆիի տան աւերակներուն՝ Փայաջուկ գիւղին մէջ, յիշելով Հայ Ազատագրական պայքարին բերած անոր բեղուն գրչին նպաստը:
Սալմաստի երեսփոխան
պրն. Ռուբէն Տէր Պօղոսեան պարգեւատրուեցաւ
Կիրակի 21 Հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտ, Արեւմտեան Ատրպատականի հրիտակուած կալուածներու Հիմնարկութեան տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, պարգեւատրման հանդիսութիւն կայացաւ Ուրմիայի նոյն հիմնարկութեան կեդրոնատեղիէն ներս, գնահատելու համար Ատրպատականի Հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ Սալմաստի երեսփոխան պրն. Ռուբէն Տէր Պօղոսեանը: Ատրպատականի թեմի առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան հրապարակաւ իր շնորհաւորանքը յայտնեց պրն. Ռուբէն Տէր Պօղոսեանին, միաժամանակ գնահատելով անոր անձնդիր ծառայութիւնները, թեմի կալուածային աշխատանքներուն մէջ: Յայտնենք, որ Մայիս ամսուան ընթացքին, Ատրպատականի հայոց թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, «Կիլիկեան Ասպետ»ի շը- քանշանով պարգեւատրած էր պրն. Տէր Պօղոսեանին, Հայրապետական գնահատանքի արժանացնելով անոր երկար տարիներու վաստակը:
Ս. Անդրէորդիի մենաստանի «Հովուի մատուռ»ին մէջ ս. պատարագ մատուցուեցաւ
Առօրեայ դրութեամբ Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ կամ՝ Մաղարդավանք այցելող բազմահարիւր օտարազգի զբօսաշրջիկներու հետաքրքիր աչքերուն դիմաց բացուող առաջին հայկական հին կառոյցը, Արաքս գետի ափին գտնուող Ս. Անդրէորդիի Մենաստանի գողտրիկ «Հովուի մատուռ»ն է, 13-րդ դարէն մնացած:
Հինգշաբթի 1 Նոյեմբեր 2012-ի առաւօտ, Ա- տըրպատականի հայոց թեմի առաջնորդի ընկերակցութեամբ խումբ մը ուխտաւորներու մեկնեցաւ Ջուլֆա, եւ ժամը 11-ին Ս. պատարագ մատուցուեցաւ «Հովուի մատուռ»ին մէջ: Այս մատուռը, ճիշդ դիմացի կողմը գտնուելով Հին Ջուղայի եռաբլրեան պատմական գերեզմանատան, 2005 թուականի Դեկտեմբեր 10-ին լուռ վկան հանդիսացաւ հայկական մշակութային եղեռնի շարունակութեան, երբ գետի միւս ափին գտնուող հարիւրաւոր գեղաքանդակ խաչքարերը մեր անբախտ պապերու գերեզմաններուն, բարբարոսաբար ջարդուելով յանձնուեցան մայր Արաքսի լայնանիստ ափունքին, խեղդուելով անոր կոհակներուն տակ: