«Ազդակ» կը հաղորդէ թէ 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ։ Ռէյիսեան Հալէպի հայկական թաղամասերուն վիճակին մասին փոխանցեց հետեւեալը.


«Անցնող օրերուն քանիցս խօսուած, բայց մեր կողմէ ստուգուելէ ետք հերքուած լուր մը դժբախտաբար վերջին օրերուն դարձաւ իրականութիւն։ Համաձայն այսօր հասած վաւերական տուեալներու եւ ականատեսներու հաստատումներուն, Նոր Գիւղի (Մէյտան) հայ առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին դարձած է հրոյ ճարակ։ Հրկիզուած են եկեղեցւոյ ներքնամասը, քարտուղարութեան, դպրաց դասի եւ յարակից այլ սենեակներ ու եկեղեցւոյ սրբանկարներն, սրբազգեստները։ Բաւական լուրջ վնասներ կրած է նաեւ նոր փակուած Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը՝ իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով։
«Ի լուր բարբարոսական այս դէպքին, խստիւ կը դատապարտենք ոճրային այս արարքը, այն հաստատ համոզումով ու հաւատքով, որ գէթ Աստուած անպատիժ չձգէ Հալէպի պատմական մեծ մզկիթէն այլ աղօթավայրեր ու այսօր Ս. Գէորգ եկեղեցի հաւատքի տուներու դէմ գործուած անմարդկային նման սրբապղծումները»։

Դամասկոսի Ջարամանա Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Հետեւանքով
Հայ Կին Մը Վիրաւորուած Է

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին գտնուող հայաշատ Ճարամանա շրջանի Ռաուտա թաղամասին մէջ պայթիւն տեղի ունեցած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ի Դամասկոսի աղբիւրը: Պայթումի հետեւանքով երիտասարդ հայ կին մը վիրաւորուած է:  Անուշ Աբովեանը անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց եւ, բարեբախտաբար, լուրջ վնասուածքներ չունենալով, արդէն ելած է հիւանդանոցէն: Տեղեկութիւններ կան, որ տուժածներու մէջ եւս  մէկ հայ կայ, որուն ինքնութիւնը դեռ չէ պարզուած:
Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութունը տեղեկացուցած է, որ զինուած խմբաւորումները կը   շարունակեն խախտել զինադադարի պայմանաւորուածութիւնը: Ջարամանայի մէջ Հոկտեմբեր 29-ին ականապատ մեքենայի պայթիւնի հետեւանքով, նախնական տեղեկութիւններով՝ 6 մարդ զոհուած է եւ վիրաւորուած է աւելի քան 50 մարդ: Վնասուած են աւելի քան 20 մեքենաներ եւ 15 խանութ: