Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան ժողովը,
որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ անդամ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեսուչ Դպրեվանքի)։
Ժողովականներ յաջորդ շրջանին համար Նարեկ Սրբազանը միաձայնութեամբ իրենց ատենապետը ընտրեցին։
Ժողովին միւս մասնակիցներն էին ուղղափառ, հռոմէական կաթոլիկ, բողոքական, անկլիքան, լուտերական, բարեկարգեալ, մկրտչական, մեթոտիսթ, գալըստական եւ ազատ եկեղեցիներու գլխաւոր ընտանիքներէ աւելի քան քսան հինգ ներկայացուցիչներ։
ժողովականներ քննարկեցին միջ-եկեղեցական եւ ներ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուած հիմնական հարցեր եւ համաքրիստոնէական մտահոգութիւններ։