Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին  Դեկտեմբեր 3-ին  նախատեսուած Թուրքիա իր պաշտօնական այցելութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի յետաձգէ, եթէ

Թուրքիա Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական ճամբորդատար օդանաւէն իր գրաւած բեռը ամբողջութեամբ չյանձնէ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը։
Թրքական իշխանութիւնները  Հոկտեմբեր 10-ին սուրիական օդանաւին պարտադրած էին Անգարայի մէջ էջք կատարել, երբ գաղտնի  տեղեկութիւններ ստացած էին, թէ օդանաւը Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համար նախատեսուած հակաօդային համակարգեր կը փոխադրէր:
Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Փութին իր այցելութիւնը անորոշ թուականով կրնայ յետաձգել, եթէ Թուրքիա այս հարցով ռուսական պաշտօնական պահանջը չկատարէ: Օրաթերթը կը նշէ, որ եթէ Փութինի Թուրքիա այցելութեան ժամկէտին վրայ փոփոխութիւն չկատարուի, 4 միլիառ տոլար արժողութեամբ հակաօդային համակարգերու նուազուրդը պաշտօնական այցելութեան օրակարգի գլխաւոր կէտերէն մէկը պիտի ըլլայ: