Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը՝ կոչով մը Ռուսաստանը, Հունգարիան, Պելառուսը եւ Թուրքիան կը հրաւիրէ նշանակալից քայլեր առնելու՝ մետիաներու ազատութեան ուղղութեամբ:

Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար, Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան եւ մետիաներու յանձնաժողովը   հրապարակած է տեղեկագիր մը, զոր պատրաստած է շուէտացի Մաթս Եոհանսէն: Միւս երկիրներու կատարուած դիտողութիւններու կարգին, Թուրքիոյ պատժական օրէնսգրքի թիւ 301 տխրահռչակ յօդուածը գլխաւոր քննադատութեանց թիրախ կը դառնայ ու կը պահանջուի անոր անմիջական ջնջումը: Կÿըսուի թէ 2008ին Թուրքիոյ կատարած վերանայումը բան չէ փոխած զայն անարդար կերպով կիրարկելու կարելիութենէն:
Տեղեկագրին մէջ յատուկ նշում կատարուած է նաեւ «Էրկէնէքոն»ի   հարցը պրպտող լրագրողներու դէմ բացուած դատերու մասին. երեւոյթը որակուած է՝ «ինքնին, մետիաներու ազատութեան ծանրակշիռ բռնաբարում»: