Նորվեկիոյ Լուտերական ազգային եկեղեցւոյ պետին ուղղած իր նամակով, Արամ Ա. կաթողիկոս խստօրէն դատապարտեց վերջերս Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական զոյգ արարքները:
Իր նամակին մէջ վեհափառը, դատապարտելով յիշեալ ոճրային արարքները՝ կ՛ըսէ. «Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, որ բոլոր կրօններու պատկանող նոր սերունդները դաստիարակուին սիրոյ, համակեցութեան, փոխադարձ հասկացողութեան ու հանդուրժողութեան հասարակաց արժէքներով»:
Վեհափառը դատապարտումի ու զօրակցութեան նամակ մը նաեւ ուղղեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին, որ ազգութեամբ նորվեկիացի է:
Կաթողիկոսը Կը Դրուատէ Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքը
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մէկ յանձնախումբին ընդունած փաստաթուղթին, ուր կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ իշխանութեանց՝ հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու վանքերը վերադարձնելու իրենց սեփականատէրերուն, Արամ Ա. կաթողիկոս նախ իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն՝ Հայ Դատի ծիրէն ներս այս կարեւոր իրագործումին համար: Ապա, վեհափառ հայրապետը կ՛ողջունէ Քոնկրեսի այս յոյժ կարեւոր քայլը՝ սպասելով աւելին՝ դէպի Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը առաջնորդող:
Յայտնենք, որ Հայ Դատի աշխատանքներուն միշտ զօրավիգ եղած են Հիւսիսային Ամերիկայի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերը, միշտ խորհրդակցելով վեհափառ հայրապետին հետ:
Արդարեւ, բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու հարցը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ: Այս ուղղութեամբ, վեհափառը, յատկապէս վերջին տարիներուն, իր գրաւոր թէ հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձած է այս հարցին: Կաթողիկոսութիւնը նաեւ մշակած է շարք մը ծրագիրներ, որոնց մասին մեր ժողովուրդը տեղեակ պիտի ըլլայ մօտ ապագային: