Օսլոյի դատարանին որոշումով, Նորվեկիոյ զոյգ յարձակումները գործած գլխաւոր կասկածելիին‘ Անտերս Պեհրինկ Պրիվիքին դատավարութիւնը առաջին ունկնդրութիւնները կատարուեցան դռնփակ՝ առիթ չտալով յանցագործին, որ իր հակաիսլամական գաղափարներով վարակէ հանրութիւնը:

Դատավարութեան առաջին ունկնդրութիւններուն աւարտին դատախազ Քիմ Հեկըր ութ շաբթուան բանտարկութիւն տնօրինեց Պրիվիքին՝  մինչեւ դատավարութեան յաջորդ նիստը:
Բացումէն առաջ դատախազ Հեկըր դատարանին մուտքին Պրիվիքի ելոյթին սպասող լրագրողներուն յայտնեց դատարանին որոշումը՝  դռնփակ կատարելու Պրիվիքի դատավարութիւնը: «Կան ստոյգ լուրեր, որոնց համաձայն՝  դատավարութիւնը դռնբաց կատարելու պարագային բացայայտուելիք  տեղեկութիւնները կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ հանրային կարծիքին վրայ եւ ստեղծել  ապահովական այնպիսի վտանգաւոր կացութիւն մը, որ կրնայ խոչընդոտել ապագային կատարուելիք հետաքննութիւնները», ըսաւ դատախազը:
Նշենք, որ յանցագործը ստանձնած էր անցեալ շաբաթավերջին կատարուած երկու յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը, եւ ուզած էր, որ իր դատավարութիւնը ըլլայ դռնբաց, որպէսզի հանրութեան ներկայացնէ իր կատարած արարքին դրդապատճառները: Աւելի ուշ, Նորվեկիոյ ոստիկանութիւնը հրապարակեց Ուրբաթ օրուան երկու յարձակումներուն պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն անունները: