ԱԹԷՆՔ
TAXI ինքնաշարժներու վառորդներու բողոքի արշաւը կը շարունակուի: Այսօր ծրագրուած է բոլորի ներկայութիւնը հելլէն խորհրդարանի շէնքին առջեւ, կէսօրէ ետք ժամը 6ին, ուր քննարկումներ տեղի պիտի ունենան աշխատանքի արտօնագրերը ազատ ձգելու ուղղութեամբ:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա կոչ ուղղեց հանրապետականներուն եւ դեմոկրատականներուն, երկրի տնտեսական վիճակը դիմագրաւելու գծով՝ համաձայնութեան յանգելու մասին: Պարաք Օպամա ահազանգ հնչեցուց, դիտել տալով, թէ «աներեւակայելի վտանգի առջեւ կանգնած է երկիրը»:
ՀՌՈՄ
Հետզհետէ կը վերականգնի երկաթուղիներու շրջանառութիւնը՝ Հռոմի Թիպուրթինա կայանէն ներս ծագած հրդեհէն ետք: