Շտապ բանակցութիւններու կը դիմեն Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս եւ գրաւուած Կիպրոսի «ղեկավար» Տերվիշ Էրօղլու, ի տես Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք եռակողմանի հանդիպման՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին հետ:
Քննարկումներու առանցքը կը կազմեն երկրի կառավարման, տնտեսութեան, Եւրոպական Միութեան, հողային, ապահովութեան հարցեր, ինչպէս եւ գրաւուած տարածքներուն մէջ եկուոր թուրքերու պարագաները:
Այսօր Փարիզ կÿայցելէ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս, հանդիպում ունենալու համար Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Նիքոլա Սարքոզիի հետ: