Կասկած չկայ թէ հիւանդանոցի մը գլխաւոր առաքելութիւնն է դարման գտնել հիւանդներու ցաւերուն, նաեւ հոգածութեան ու խնամքի տակ առնել անպաշտպան կամ տարեց անձերը:
Բայց պէտք է ընդունիլ թէ նոյնքան կարեւոր է հիւանդներու կամ տարեցներու համար ստեղծել շրջապատի կամ կեցութեան այնպիսի առինքնող պայմաններով, որով անոնք երջանկութեան զգացողութեամբ, գոնէ կիսովին յաղթահարած պիտի ըլլան իրենց ներաշխարհի ալեկոծումները: Շրջապատի կանոնաւորութիւնն ու մաքրութիւնը, արդիական եւ ծաղկուն գեղեցկութիւնը ո՛չ միայն բուժարար ազդեցութիւն կը գործեն հիւանդանոցի բնակիչներու կամ այցելուներու հոգեբանութեան վրայ, այլ նաեւ կը ցոլացնեն քաղաքակրթական այն մակարդակը, որով կը բնորոշուի ժողովուրդի մը արժէքը:
Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը այս անշեղ իրողութեան գիտակցութեամբ է որ կը շարժի, հիւանդանոցը վերածելով թռչուններու ճռուողիւններով յագեցած, տաքուկ ու ապահով բոյնի մը: Բոյնի մը՝ որուն նկարը որպէս գուրգուրանքի նշանաբան, կը զարդարէ մեր այս թիւ կողքը, բոյնի մը, որուն փաստացի ցոլացումը կը գտնենք մեր այս թիւի յաւելուածական բացառիկ թիւին մէջ:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որուն հիւանդանոց այցելութեան մասին լայն տեղ յատկացուցած ենք մեր այս թիւին մէջ, իր այցելութեան աւարտին, անդրադառնալով հիւանդանոցի մէջ տիրող մթնոլորտին, յուշատոմարին մէջ գրած է իրաւացիօրէն. «Բարութիւն, ջերմութիւն եւ սէր կը ծորի այս հաստատութենէն եւ այս հաստատութիւնը իրապէս դարձած է փրկիչ, օգնող եւ կը ծառայէ իր անուան ու կոչման: Յաւերժութիւն եւ կանաչ ճանապարհ այս հաստատութեան»:
180-ամեակի սեմին՝ միեւնոյն մաղթանքն ունի ամբողջ հայաշխարհը, մեր այս բարեխնամ հաստատութեան նկատմամբ: Կարելի՞ է ոեւէ հայ չհապարտանայ Գթութեան Տան այսօր ներկայացուցած պատկերին դիմաց:
Շնորհակալ ենք Հոգաբարձութեան եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց դերն ունին այս դրական պատկերին մէջ:
Խմբագրական «Ս. Փրկիչ» ամսաթերթի