Գանատայի մեր պաշտօնակից «Հորիզոն» թերթէն կÿիմանանք, թէ Մոնթրէալի յոյն գաղութը մեծ շուքով պատուեց գաղութի ծանօթ ազգայիններէն ընկ. Սերգօ Պոյեաճեանը: Պատուոյ տուչութեան ընթացքին կարդացուեցաւ անոր կենսագրականը, ուր մասնաւորաբար կը նշուէր կարեւոր ներդրումը յունական գաղութէն ներս:

Հոն կը յիշուէր թէ Սերգոն ծնած է Յունաստան, իր ծնողքը եղած են հաւատացեալ հայեր, որոնք 1922ին, թրքական եաթաղանէն մազապուրծ, այրուող Իզմիրէն յունական փրկարար նաւով մը ապաստան գտած են Յունաստան:
1954ին ան գաղթած է Գանատա ու Մոնթրէալի հայ գաղութէն ներս շարունակած է իր ազգանուէր գործունէութիւնը: Դէպի հայ գաղութ իր ծառայութիւններու կողքին, Սերգօ Պոյաճեան իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ յունական գաղութէն ներս, հանդիսանալով հայ եւ յոյն քաղաքական ու ընկերային յարաբերութիւններու եւ իրաւունքներու պաշտպան, այլեւ Կիպրոսի դատի պաշտպան:
Սերգօ Պոյաճեան եղած է յոյն գործարարներու միութեան հիմնադիրներէն մէկը՝ 1970ին, ու մնայուն քաջալերողը CFCF TV-12 յունական բաժնին:
Սերգօ եւ իր տիկինը Արշօ տարիներէ ի վեր անդամ են Հայ Օգնութեան Միութեան եւ միշտ նեցուկ կանգնած են ՀՕՄի բոլոր աշխատանքներուն: Ս. Պոյաճեան եղած է հիմնադիր, նախաձեռնող ու աջակցող մարզական խումբերու, դպրոցներու, եկեղեցիներու: