Ֆրանսահայութիւնը այսօր բողոքի հսկայ ցոյց մը պիտի կատարէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ:


Ալիեւին «Բարի գալուստ» մաղթելու բողոքի ցոյցը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6:00-ին՝ Փարիզի ատրպէյճանական դեսպանատան դիմաց: Նախանցեալ գիշեր Ատրպէյճանի դեսպանատան պատերուն եւ անոր մուտքին գետնին վրայ ներկերով եւ ֆրանսերէնով գրուեցան «Ալիեւ ոճրագործ» բառերը:
Նշենք, որ Ալիեւ պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա կը գտնուի եւ այսօր ներկայ պիտի գտնուի «Լուվր»-ի թանգարանին մէջ իսլամական արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումին: Ան պիտի ընդունուի նախագահ Հոլանտի կողմէ:
Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAF-ի, հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուի, թէ այս այցելութիւնն ու ընդունելութիւնը բացառաբար անընդունելի են, երբ այդ ղեկավարը այսօր կ'այպանուի միջազգայնօրէն: Սաֆարովի զազրելի ոճիրին պարագաներուն, արտայանձնումին, ազատ արձակման եւ մեծարման յիշատակումէն ետք՝ կ'ըսուի, թէ այս ամբողջը մաս կը կազմէ ցեղասպանական այն տրամաբանութեան, որու հաւատարիմ՝ ատըրպէյճանական իշխանութիւնները այսօր կը գերսպառազինուին՝ ոչնչացնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հայերը: «Այս պայմաններուն մէջ ընդունիլ Ալիեւը՝ կը նշանակէ նպաստել վայրագութեան, ամրապնդել հայատեացութիւնը, անպատւութեան վրայ անպատւութիւն բարդել»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ան, որուն վարչակարգը աւելի քան 4.000 խաչքար բնաջնջեց Ջուղայի մէջ, գործ չունի Լուվրի թանգարանին մէջ:

 

Ֆրանսացի խորհրդարանականը կ'ափսոսայ
Ալիեւի այցելութեան համար

Ֆրանսիայի խորհըրդարանի պատգամաւոր Ֆրանսուա Ռոշըպլլուան ափսոսանք յայտնեց, որ Իլհամ Ալիեւի այցելութիւնը Փարիզ չէ յետաձգուած՝ Ռամիլ Սաֆարովի գործի պատճառով:
Ան յայտարարած է որ չի ողջուներ Ատըրպէյճանի նախագահի այցելութիւնը, ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ  մարդասպան Սաֆարովին ներում շնորհուած է::