Լիպիոյ մէջ ամերիկացի դեսպանի սպանութենէն ետք պայթուցիկ վիճակ ստեղծուած է: Բազմաթիւ ձերբակալութիւններու ձեռնարկած են իշխանութիւնները, մինչ Եգիպտոսի մայրաքաղաքի մէջ եւս ԱՄՆ դեսպանատան դէմ ցոյցերէն արդէն տուժած է աւելի քան 200 մարդ:


Արաբական աշխարհը «հրաբուխ»ի վերածուած է եւ բուռն կերպով կը շարունակւին հակաամերիկեան ցոյցերը:
Գահիրէի ԱՄՆ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքին դիմաց հաւաքուած ցուցարարները այրեցին ամերիկեան եւ իսրայէլեան դրօշակները:

Օպաման հեռաձայնային զրոյց ունեցած է
Եմէնի առաջնորդին հետ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման հեռախօսազրոյց ունեցած է Եմէնի առաջնորդ Մանսուր Խադիի հետ՝ քննարկելով Սանայի ամերիկեան դեսպանատան վրայ յարձակումը:

Ինչպէս կը փոխանցէ vz.ru-ն, Եմէնի առաջնորդը խոստացած է բոլոր հնարաւոր միջոցառումները ձեռք առնել իր երկրի տարածքին ապրող ԱՄՆ քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
Պարաք Օպամայի կառավարութիւնը նմանօրինակ ուղղութիւն յղած է Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն:
Արաբական աշխարհը նոր տագնապի մատնած եղելութեան դրդապատճառը ամերիկեան արտադրութեան «Մուսուլմաններու անմեղութիւնը» ֆիլմի ցուցադրութիւնն  է, ուր ըստ մահմետականներուն՝ անպատուոյ ձեւով կը ներկայացուի Մոհամետի կերպարը:
Ֆիլմի արտադրիչը, որ Քալիֆորնիայի բնակիչ է, ոստիկանութեան հսկողութեան տակ առնուած է, քանի որ սպառնալիքներու առարկայ դարձած է, ըստ ABC կայանի հաղորդած լուրերուն: 55-ամեայ Նաքուլա Պասելի Նաքուլան՝ վախ յայտնած է իր եւ իր ընտանիքի անդամներու կեանքին համար:
Միւս կողմէ ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավար Հիլըրի Քլինթըն դատապարտած է ժապաւէնը, խիստ խօսքերով անդրադառնալով այդ հարցին: Ան դիտել տուած է թէ «միտումնաւոր է այս ժապաւէնի իրագործումը եւ յայտնի է թէ նուաստացնել կ'ուզէ մահմետականութիւնը եւ զայրոյթ կը նպատակադրէ պատճառել արաբական աշխարհին»: