Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան անցեալ շաբաթ իր կուսակցական փակ նիստին խոստովանած է, որ ինք յանձնարարած է Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնել Ատրպէյճանին, հակառակ անոր, որ տեղեակ էր, թէ Սաֆարով ուշ կամ կանուխ ազատ պիտի արձակուի Պաքուի մէջ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին այս մասին հաղորդեց հունգարական «Օրիկօ» լրատուական կայքը՝ իր տեղեկութիւնը քաղելով կառավարութեան մօտիկ երկու անկախ աղբիւրներէ: Այս լուրը կը հաղորդուի այն միջոցին, երբ վարչապետը կը շարունակէ իր քայլը արդարացնելու փորձերը:
Նշեալ աղբիւրներիուն համաձայն՝ Օրպանի կուսակիցները եւ խորհրդատուները բազմիցս նախազգուշացուած են նման քայլի մը հաւանական վտանգներուն մասին, սակայն վարչապետը այս որոշումը տուած է՝ «Հունգարիոյ վատառողջ ամավարկը փրկելու համար», ակնարկելով այն լուրերուն, թէ Պաքու միլիառաւոր տոլարի հունգարական պետական պարտամուրհակներ գնած է:
Կուսակցական նշեալ նիստը աստիճանաբար վերածուած է բուռն բանավէճի, որուն ընթացքին Օրպան խոստովանած է, թէ գիտէր, որ այս հարցով դժուարութիւններ կրնան ծագիլ, սակայն ակնկալած էր, որ Սաֆարովին ներում կը շնորհուի գոնէ մէկ ամիս ետք՝ առողջական պատճառներով: