Ատրպէյճանական «1new.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժինի վարիչ Ալի Հասանով թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ատրպէյճան որեւէ խնդիր չի տեսներ Թուրքիոյ հետ անցագրային համակարգը երկկողմանի կերպով ջնջելու հարցին մէջ։

«Սակայն ատոր դէմ կþարտայայտուի Իրանը եւ կը պահանջէ, որ Ատրպէյճան իր հետ նոյնպէս վերցնէ այցագրային համակարգը։ Այլապէս կը սպառնայ փակել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ գոյութիւն ունեցող միջանցքը», ըսած է Հասանով աւելցնելով, որ «Ատրպէյճան պէտք է միաժամանակ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ անցագրային համակարգը վերցնէ։ Սակայն ներկայ փուլին չեմ կարծեր, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ են մէկանգամէն երկու երկիրներու հետ անցագրային համակարգը վերցնելուն»։  Հասանով նշած է, որ հիմնական մտահոգութիւնը կապուած է Իրանի սահմանի հետ։ «Իրանէն Ատրպէյճանի տարածքով Եւրոպա կþարտահանուի շուրջ երեք հարիւր թոն թմրեցուցիչ։ Կարելի կþըլլայ բռնագրաւել միայն հինգէն տասը թոն թմրեցուցիչ։ Այդ բոլորի պատճառով Ատրպէյճանի երիտասարդներու շրջանակին մէջ թմրամոլութիւնը կը տարածուի», ըսած է Հասանով: