«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Յակոբ Գոլանեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Անհատ կատարողների օրեր» համերգաշարը:
Սեպտեմբեր 6-ին Կամերային երաժշտութեան ազգային թատրոնին մէջ կայացաւ համերգ՝ յունահայ կիթառահար եւ Համազգայինի Յունաստանի երաժշտանոցի պատաս-խանատու Յակոբ Գոլանեանի մասնակցութեամբ: Նոյնպէս, համերգին մասնակցեցան ջութակահար Հենրիկ Կարապետեանը (ԱՄՆ) եւ դաշնակահարուհի Սոնա Տալեանը (Գերմանիա):
----------------------------------------
Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
«Ազատութեան Մրցանակ» կը շնորհուի պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի
Կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի Հայ Դատի Յանձնախումբին, 1 Դեկտեմբերին յանձնախումբի 6-րդ ամէնամեայ հաւաքի ժամանակ տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի երեկոյ՝ նուիրուած Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի միացեալ թագաւորութեան լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսին, որուն պիտի շնորհուի ամենաբարձր պարգեւը՝ «Ազատութեան մրցանակ»-ը:
Յանձնախումբին նախագահ Ճորճ Աղճայեան նկատել տուաւ, որ իրենց համար հպարտութիւն է մեծարել եւ պատուել պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ տասնեակ տարիներ շարունակ ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար:
Յանձնախումբի՝ «Ազատութեան մրցանակ»-ը կը շնորհուի այն անհատին, որ մեծ ներդրումներ ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան առնչուող կարեւորագոյն հարցերու մէջ իր բերած օժանդակութեան համար:
Քոքս յայտնեց, որ Հայաստանի ոգին յոյս կը սփռէ եւ կ՛օգնէ ոչ միայն Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ՝ այս տարածքներու սահմաններէն դուրս գտնուող կարիքաւոր մարդոց:
Պարոնուհին Հայաստան եւ Արցախ այցելած է 75 անգամ: Այցելութիւններէն շատերը եղած են արցախեան պատերազմի տարիներուն: Քոքսը ներկայիս համագործակցութեան մէջ է Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած HART (Humanitarian Aid Relief Trust) ոչ հասութաբեր կազմակերպութեան հետ: Կառոյցը բոլոր տարիքի անձերու կը տրամադրէ վերականգնողական ծառայութիւններ:
------------------------------------
Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Փրոֆ. Յովհաննէսեան Զմիւռնիայի մասին պիտի դասախօսէ «Չեփմըն» համալսարանին մէջ
ՕՐԵՆՃ, Քալիֆորնիա.- «Չեփմըն» համալսարանի Ողջակիզման ուսմանց «Ռաճըրզ» կեդրոնին մէջ, Սեպտեմբեր 5ին, սկսաւ համալսարանի աշնանային դասախօսութիւններու շարք մը՝ Զմիւռնիայի (Իզմիր) մեծ հրդեհին եւ հայ-յունական ծաղկուն համայնքներու փլուզման նուիրուած դասախօսութեամբ, որ ներկայացուց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:
Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ «Ճորճ Պուշ» սրահին մէջ:
Ըստ վերոնշեալ համալսարանէն ստացուած հաղորդագրութեան, փրոֆեսէօրին «Պատերազմն ու ցեղային զտումներ. Զմիւռնիա, 1922-2012» դասախօսութիւնը, որուն կþուղեկցէր լուսանկարներու ցուցադրութիւն, նուիրուած էր Զմիւռնիայի ջարդերու 90րդ տարելիցին:
Փրոֆեսէօրը այնուհետեւ պատմութեան գծով մագիստրոսի տիտղոսի թեկնածուներուն 15 շաբաթուան դասընթացք մը կը մատուցէ, Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան վերաբերեալ:
--------------------------------------
Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Եթովպիոյ սեւամորթ հայերուն մասին վաւերագրական ժապաւէն
Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող երիտասարդ բեմադրիչ Արամազդ Քալաճեան նախաձեռնած է հետաքրքրական նախագիծի մը, որ նուիրուած է Եթովպիոյ սեւամորթ հայերուն:
Emedia.am կայքէջը կը գրէ, որ ժապաւէնին հիմը Եթովպիոյ մէջ ապրող հայ համայնքի սեւամորթ ներկայացուցիչներու կեանքն է: Զրոյցի ժամանակ անոնցմէ մէկը՝ Երուանդ Քուրաճեան կը պատմէ այն մասին, թէ ինք հայկական հին ընտանիքի ժառանգորդն է եւ վերջին սերունդի ներկայացուցիչը:
Մինչեւ հիմա հայկական սփիւռքի չլուսաբանուած այս էջին մասին ժապաւէնը իր աւարտին հասցնելու համար Քալաճեան ստեղծած է նախագիծի էջը՝ համապատասխան կայքէջին վրայ, որ կը զբաղի մշակութային հետաքրքրական նախագիծերու համար ֆինանսաւորման հայթայթումով: Էջին ոեւէ այցելու կրնայ տուեալ նախագիծին որոշ գումար նուիրել:
---------------------------------------
ՓԱՐԻԶ
Ալեն Տըլոն դեր կը ստանձնէ Սարիկ Անդրէասեանի ժապաւէնին մէջ
Փարիզի մէջ աւարտած են նկարահանումները «Շնորհաւոր Ամանոր, մայրիկ» ժապաւէնին, որ բեմադրիչ Սարիկ Անդրէասեանի «Գարնանային մայրեր» ժապաւէնին շարունակութիւնն է:
Շարժապատկերը բաղկացած է հինգ դրուագներէ, որոնց հերոսները ամէն գնով կը ձգտին շնորհաւորելու իրենց մայրերը՝ Նոր տարուան առիթով:
Դրուագներէն մէկը բեմադրած է Սարիկ Անդրէասեանը: Անոր մէջ դերեր ստանձնած են ռուս «շոման» Պաւել Վոլիա, դերասանուհի Իրինա Ռոզանովա ու ֆրանսացի դերասան Ալեն Տըլոն: Ժապաւէնին մէջ վերջինս կը կատարէ ինքն իր անձին դերը:
Տըլոնի հետ աշխատելէ ետք Անդրէասեան ըսած է, որ շատ նշանաւոր մարդիկ իրականութեան մէջ աւելի պարզ են, քան՝ անոնց մասին մարդոց ունեցած տպաւորութիւնները:
Բեմադրիչը նաեւ յայտնած է, որ Տըլոն ինք ընտրած է իր հագուստը, ինչպէս նաեւ նկարահանման ընթացքին հանդէս եկած է սեփական առաջարկներով:
Տըլոն ցանկութիւն յայտնած է ներկայ գտնուելու շարժապատկերի՝ Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք անդրանիկ ներկայացման:
------------------------------------------
ԼԻԲԱՆԱՆ
«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի մրցանակակիրները աւարտեցին Հայաստանի մէջ իրենց
կրթական-դաստիարակչական շրջապտոյտը
Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան վերադարձան «Ազդակ»-ի «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումի մրցանակակիրները, որոնք մէկ շաբթուան տեւողութեան կրթական-դաստիարակչական ծրագիր մը իրականացուցին Հայաստանի մէջ:
Ծրագիրը իրագործուեցաւ շնորհիւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի աջակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան:
Հետագային առիթ կ՛ունենանք մանրամասնօրէն անդրադառնալու ծրագիրի գործադրութեան զանազան հանգուաններուն:
--------------------------------------------
ԼԵՄ-ի տարեկան բանակում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, 26 Օգոստոս-էն 2 Սեպտեմբեր 2012-ին Այնճարի ԼԵՄ-ի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ԼԵՄ-ի տարեկան բանակումը նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան:
Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 118 ԼԵՄ-ականներ:
Դաստիարակչական բաժինով ընկերները լսեցին դասախօսութիւններ՝ ազգային, երիտասարդական, Հայաստանի եւ Հայ Դատի առնչուող նիւթերու, մասնակցեցան զրոյցներու եւ աշխատանքային յանձնախումբերու դրութեամբ: Բանակումի տեւողութեան գործեց ռատիոժամի խմբակը եւ մրցակցային բնոյթ ունեցող մարզական թէ դաստիարակչական խաղերը յաւելեալ ոգեւորութիւն տուին բանակումին: Յատուկ էին նաեւ գիշերային խարուկահանդէսները, որոնք ընկերային առողջ, խանդավառ մթնոլորտ մը կը ստեղծէին ԼԵՄ-ականներուն մօտ: Շաբաթ երեկոյեան բանակավայր այցելեց յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան եւ բանակողներուն հետ բաժնեց փունջ մը ազգային ու յեղափոխական երգեր:
Բանակումի աւարտին ընկերները բաժնուեցան իրարմէ‘ բանակումի ընթացքին ստացած գիտելիքներն ու փորձառութիւնը ԼԵՄ-ի աշխատանքներուն ի սպաս ծառայեցնելու հրամայականով: