Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մօտիկ աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին, որ «Թուրքիոյ հետ տագնապին նկատմամբ անոր եւ զինք շրջապատողներուն կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, եւ Թուրքիայէն ներում հայցելու հարցին նկատմամբ պաշտպանութեան նախարարին եւ իր կեցուածքներուն միջեւ մերձեցում տեղի ունեցաւ»։


Աղբիւրները ըսած են, որ Նեթանիահու կարեւոր կը նկատէ Թուրքիոյ հետ տագնապին հնարամիտ լուծում մը գտնելը կարեւոր կը նկատէ եւ պատրաստ է 31 Մայիս 2010-ին թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին համար ներումի «թեթեւ» հայց մը ներկայացնելու։
Աղբիւրները նշած են, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Եաքոպ Ամիտրոր այդ գաղափարին ընդդիմացող իր նախկին կեցուածքէն ետ դարձ մը կատարած է։
«Հաարեց» կը գրէ, որ եթէ Նեթանիահու իսրայէլեան ռազմավարական շահերու սիրոյն որոշէ Թուրքիայէն ներում հայցելու քայլին դիմել իր կառավարութեան միասնականութիւնը պիտի վտանգէ։
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Իսրայէլի բանակի ձայնասփիւռի կայանը եւս վկայակոչելով Նեթանիահուի մօտիկ աղբիւրներ նշած է, թէ Իսրայէլի վարչապետը Անգարայէն «թեթեւ ներողութիւն մը պիտի խնդրէ»։