Սուրիոյ մէջ մարդոց իրաւունքներու հաստատութիւնը հրապարակեց երէկուայ զոհերու թիւը, Հալէպի մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ In.gr կայքէջը, սպաննուած են 82 հոգի, որոնց կարգին եօթ կին, երկու երեխայ
Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք Հալէպի մէջ ուժեղ պայթում մը շարք մը բնակելի տուներ եւ պետական շէնքեր աւերելէ զատ, խլած է բազմաթիւ մարդոց կեանքը, կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը: Նախնական տուեալներու համաձայն, արձանագրուած է 27 զոհ եւ 64 վիրաւոր: Հալէպի հայ համայնքը լուրջ վնասներ չէ կրած:
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ի կը հաղորդէ, որ թէեւ նախապէս լուրջ ճակատումները չէին ընդգրկէր Հալէպի հայաշատ թաղամասերը, սակայն անցեալ շաբաթ բաւական լուրջ իրավիճակ ստեղծուած է. հրասանդի հրթիռներ Նոր Գիւղէն ետք հասած են նաեւ Վիլլաներ եւ Սուլէյմանիէ թաղամասերը՝ ահ ու սարսափի մատնելով բնակիչները եւ պատճառ դառնալով կարգ մը բնակարաններու տարբեր աստիճանի վնասներու: Բնակարանի մը մէջ հրդեհ յառաջացած է, սակայն շտապ օգնութեան մեր հայ տղաքը անմիջապէս օգնութեան հասած են եւ իրենց ճիգերուն շնորհիւ հրդեհի տարածման առաջքը առնուած է:
Զոհուած է հայ երիտասարդ մը
Այս զարգացումները աւելի լուրջ ընթացք առած են Ուրբաթ կէսօրէ ետք Նոր Գիւղի մէջ, ուր քանի մը օր սպասողական լարուած վիճակէ ետք թաղամասը վերածուած է ռազմադաշտի: Սուրիական ազատ բանակի զինեալները փորձած են շրջան ներթափանցել, իսկ սուրիական օդուժը եւ բանակի միաւորներ ծանր ռմբակոծումով, թաղային պաշտպանութեան խմբակներու հետ ամէն ճիգ թափած են ետ մղելու համար այդ յարձակումը: Այս ծիրին մէջ որոշ գործողութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Պոսթան Փաշա թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի ծերանոցը: «Նիւթական վնասներ եղան: Զոհ-ւեցաւ հայ երիտասարդ մը եւ վիրաւորուեցան մի քանիներ, որոնց օգնութեան հասան բուժօգնութեան մեր տղաքը», ըսաւ Ռէյիսեան: «Երկիր Մետիա» հետագային հաղորդեց, որ զոհուած հայ երիտասարդը Վարդան Պիւրքլեանն է:
Բախումներու ընթացքին վնասուած են ելեկտրականութեան կեդրոնն ու ջրամբարը: «Կառավարութիւնը այժմ ամէն ճիգ կը թափէ անհրաժեշտ եղած նորոգութիւնները կատարելու», նշեց Ռէյիսեան:
Ան յայտնեց, որ շրջանին մէջ կացութիւնը այժմ յարաբերաբար աւելի հանդարտ է: Լրատու աղբիւրներու համաձայն, երէկ վնասուած է Նոր Գիւղի Կիւլպենկեան հիւանդանոցին մէկ բաժինը: Նոյնպէս կիրակի օր հրասանդի հրթիռներու թիրախ դարձած է Ազիզիյէի մէջ նախկին իտալական հիւանդանոց անունով ծանօթ, մայրապետներու կողմէ ղեկավարուող մանկամսուր մը եւ այդ շէնքին մօտ գտնուող յոյն կաթողիկէներու եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Խանտաքէն Ճիտէյտիէ տանող ճամբուն վրայ արաբ բողոքականներու եկեղեցին:
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վնասուած է հայուհիի մը բնակարանը, իսկ Երեւանէն Հալէպ վերադառնալէ ետք, օդակայանի ճամբուն վրայ վիրաւորուած է հայ մայր մը եւ իր զաւակը, որոնք դարմանումի համար փոխադրուած են հիւանդանոց: