«Amnesty International» (Միջազգային ներում)  իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը անհանգստութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու գործողութիւններով` կապուած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու հարցին հետ։


Կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կþըսուի թէ Ատրպէյճանի իշխանութեան քայլերը կրնան ընկալուիլ որպէս ազգային գետնի վրայ կատարուած բռնութեան հաւանութիւն:
«Այդ գործողութիւնները կը յանգեցնեն հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ առկայ լարուածութեան աճին եւ կը խրախուսեն ազգային հիմնաւորմամբ բռնութիւնը»։
Կազմակերպութիւնը կ'ըսէ, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է վերացնեն Սաֆարովին տրուած արտօնութիւնները եւ հրապարակայնօրէն դատապարտեն ազգային բռնութիւնը, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է  յստակացնեն, որ վրէժը ատրպէյճանցիներու նկատմամբ անընդունելի է: