ՆԻԿՈՍԻԱ (1)
Թուրքիա պէտք է վերջ դնէ սպառնալիքներուն եւ Կիպրոսի տագնապին մնայուն եւ գործնական լուծում գտնելու համար կառուցողական համագործակցութեան դիմէ, յայտարարած է Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս, անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի

կողմէ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն: Խրիսթոֆիաս նաեւ յայտնեց, թէ Էրտողանի այցելութիւնը՝ կղզիի բռնագրաւուած մասը՝ անօրինական է:

ՆԻԿՈՍԻԱ (2)
Կիպրոսը քաղաքացիութիւն շնորհած է Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար ալ Ասատի զարմիկ Ռամի ՄախլուՖին, որ Ինթըրփոլի կողմէ հետախուզման մէջ է:  Ինչպէս կը գրէ կիպրական Fileleftheros թերթը, Ասատի զարմիկ Ռամի Մախլուֆին քաղաքացիութիւն շնորհուած է մեկնելով «պետական շահերէ»: Մախլուֆ միլիոնատէր է, որ կը տիրէ սուրիական որոշ դրամատուներու վերահսկիչ փաթեթներուն: Մախլուֆին քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Խրիստոֆիասի եւ Ասատի միջեւ առկայ լաւ յարաբերութիւնը: