Ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի հարցը նախօրդ օրերուն դատապարտումի ալիք մը յառաջացուց աշխարհի տարածքին, մինչ միջազգային ու դիւանագիտական օրէնքները ոտնակոխած Պաքուի իշխանութիւնները զայն հազարապետ կը դարձնէին ու իբրեւ հերոս կը դիմաւրէին, անոր բնակարան մը եւ այլ նուէրներ յատկացնելով:
Պուտափեշտի մէջ կայացած ցոյցը
Անսալով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ լրջօրէն մտահոգուած է Հունգարիայէն վերադարձուած Սաֆարովին ներում շնորհելու Ատրպէյճանի նախագահի որոշումով: «Մենք կապ հաստատած ենք Ատրպէյճանի մեր գործընկերներուն հետ՝ Սաֆարովի ներման առնչութեամբ մեր հիասթափութիւնը յայտնելու համար: Այս որոշումը կը հակասէ տարածաշրջանային լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ հաշտեցումը առաջ մղելու ջանքերուն: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Հունգարիայէն եւս բացատրութիւն կը խնդրեն Սաֆարովին Ատրպէյճան փոխանցելու որոշման առնչութեամբ», ըսուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:
Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց նախագահ Օպամայի արտայայտած մտահոգութիւնը:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարեց, թէ խստօրէն մտահոգուած է Սաֆարովին ներում շնորհելու Պաքուի որոշումով, այս մասին բացատրութիւններ պահանջելով Պաքուէն: «Մենք նաեւ կ՛ակնկալենք, որ Հունգարիա եւս կը ներկայացնէ Սաֆարովը Ատրպէյճանին յանձնելու վերաբերեալ որոշումին մանրամասնութիւնները: Մենք կը դատապարտենք որեւէ քայլ, որ կը նպաստէ տարածաշրջանային լարուածութեան», աւելցուցած է նախարարութեան բանբերը:
Ֆրանսա եւս անհանգստութիւն յայտնած է Սաֆարովին ներման արժանացնելու արարքին առնչութեամբ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ֆրանսան, ինչպէս նաեւ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահ երկիրները, կը կարծեն, որ այս որոշումը կրնայ լրջօրէն վնասել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային ջանքերուն»:
ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ կը դատապարտէ որեւէ գործողութիւն, որ տարածաշրջանային լարուածութիւնը աւելիով կը սրէ: Ակնարկելով Մարգարեանի սպանութեան, ՆԱԹՕն նշեց. «Սարսափելի միջադէպը, որ տեղի ունեցած էր 8 տարի առաջ, Հունգարիոյ մէջ, ոճրագործութիւն էր: Այդ ցաւալի ոճիրը հարուած մըն էր ՆԱԹՕի գործընկերներուն միջեւ համագործակցութիւն ու փոխըմբռնում ձեւաւորող «Գործընկերութիւն՝ յանուն խաղաղութեան» ծրագրի սկզբունքներուն»: