ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ի երեկոյեան բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։
Երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ համախմբուած ցուցարարները արդարութիւն պահանջեցին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ատրպէյճանցի ոճռագործ Ռամիլ Սաֆարովի ներում շնորհելու իր որոշման վերանայումը պարտադրելով, որպէսզի ան դատապարտուի ցմահ բանտարկութեամբ։
Այսօր Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին, բողոքի ցոյց տեղի պիտի ունենայ Արժանթինի մօտ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ։