Նասա-ի «Քիւրիոզիթի» Տիեզերական Սարքի Ծրագիրին Վրայ 16 Հայեր Աշխատած Են

ՆԱՍԱ-ի Հրատի վրայ էջք կատարած «Քիւրիոզիթի» (Հետաքրքրութիւն) սարքի ծրագիրին վրայ աշխատած են 16 հայեր՝  Աւօ Տեմիրճեան, Վաչէ Օրբելեան, Ալֆրետ Խաշաքի, Ֆելիքս Սարգիսեան, Հրայր Այնթապլեան, Կարէն Խանոյեան, Ռիչըրտ Օհանեան, Սերժիկ Ծատուրեան, Վազրիկ Ղարախանեան, Հենրիկ Յարութիւնեան, Արբի Կարապետեան, Լուսի Աբրահամեան եւ Ճուլիա Իսպիրեան:



Աւելի՛ն, ամերիկահայ ժամագործ Կարօ Անսըրլեան հեղինակած է Հրատի ժամացոյցը՝ Հրատ մոլորակի մէջ ժամանակը ցոյց տուող ամէնէն ճշգրիտ սարքը: Ան Միացեալ Նահանգներու Տիեզերագնացութեան գործակալութեան՝ ՆԱՍԱ-ի «Քիւրիոզիթի» նախագիծի անդամներէն կը նկատուի:
ՆԱՍԱ-ի սարքը Հրատ մոլորակին մէջ ժամանակը չափելու համար կ՛օգտագործէ Անսըրլեանի պատրաստած ժամացոյցը,   որ առաւելագոյն ճշգրտութիւն ունի՝  Կարմիր մոլորակին մէջ ժամանակային առանձնայատկութիւններուն նկատառումով:
Հրատի վրայ, Երկիր մոլորակի չափանիշերով, օրը բաղկացած է 24 ժամ 39 րոպէ 35 վայրկեանէ, ինչը 2,7 առ հարիւր երկար է երկրային ժամանակէն: Նախապէս Զուիցերիոյ ժամագործները յայտարարած են,  որ անկարելի է Հրատի համար ճշգրիտ ժամացոյց ստեղծել, որմէ ետք ՆԱՍԱ-ն դիմած է Անսըրլեանին: Վերջինս կ՛աշխատի Քալիֆորնիոյ Մոնտրոս քաղաքին մէջ, կը ղեկավարէ «Էքզեքիւթիւ Ճիւուըլըրզ» ընկերութիւնը:
Անսըրլեան «հրատեան» ժամացոյցներու ստեղծման ուղղութեամբ կ՛աշխատի 2004-էն ի վեր: Ժամացոյցի ստեղծման համար ան տրամադրած է 2 ամիս ժամանակ: Մինչեւ օրս նշեալ ժամացոյցէն շուրջ 1000 նմուշ ծախուած է, իսկ ժամացոյցին սակը 295 տոլար է:
Անսըրլեանի ժամացոյցները օգտագործուած են նաեւ 2004-ին Հրատ ուղարկուած «Օփորչիունիթի» (Առիթ) սարքին վրայ:

 

Վեց հայուհիներ կը մեծարուին
իրենց ունեցած ձեռքբերումներուն համար
 
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քերըլ Լիու եւ նահանգի խորհրդարանի անդամներ Էնթընի Փորթանթինոյի ու Մայք Կաթոյի ընտրատարածքներուն մէջ ապրող 30 կիներ մեծարուեցան  Փասատինայի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենայ 13 տարիներէ ի վեր:
Մեծարեալներուն մէջ կային վեց հայուհիներ. Էմմա Կարապետեան («Մօտելլա Եունիֆորմզ», Կլենտէյլ), իբրեւ արտակարգ գործարարուհի (փոքր գործառութեան մարզին մէջ), Ռամելա Մարգարեան (Կլենտէյլի «էտվենթիս» բժշկական կեդրոն), իբրեւ ոչ շահաբեր կազմակերպութեան մը արտակարգ պաշտօնեայ, Լիսա Տէրտէրեան (Փասատինայի հրշէջներու բաժանմունք) արժանացաւ Թեմի Կինզպըրկի անուան մրցանակին, Հիլտա Փիրիմ («Իմպրոյտմի», Կլենտէյլ) արժանացաւ կենսոլորտային եւ ուժանիւթի խնայողութեան մրցանակին, Լոլա Աբրահամեան (Կլենտէյլի ոստիկանութիւն) արժանացաւ ապահովական մարմիններու յատուկ մրցանակին, Թալին Պեսոս («Թալին Միւզիք», Կլենտէյլ) արժանացաւ արուեստի եւ ժամանցի մարզի մրցանակին:
Նոյնպէս, ծերակուտական Քերըլ Լիու ընտրեց իր ընտրատարածքի «տարուան կին»երը: Այս տարի, չորս այլ տիկիններու կողքին, «Տարուան կին» հռչակուեցաւ նաեւ տոքթ. Արմինէ Յակոբեանը, որ 40 տարիներու փորձառութիւն ունեցող անձ մըն է կրթական մարզէն ներս: Ան կը վարէ նաեւ Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետութիւնը: