Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յայտարարեց, որ միութեան համահայկական կառոյցին եւ բոլոր միաւորներուն ներդրումով, 100 հազար ամերիկեան տոլար գոյացուցած է «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ին համար:

Յառաջիկայ օրերուն գումարի առաջին բաժինը պիտի փոխանցուի Սուրիահայ օգնութեան խաչին եւ ամբողջանայ աւելի ուշ:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան յայտնեց. «ՀՕՄ-ը առաջին կազմակերպութիւնը եղաւ, որ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան դիմեց՝ հիմնելով «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ը. օրին յայտարարեցինք, որ գումարը պիտի յատկացուի աշակերտներու կրթաթոշակներուն: Հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին եւ տարբեր երկիրներու դիմագրաւած ծանր խնդիրներուն, հպարտ ենք,  որ մեր ընկերուհիները ճիգ թափեցին եւ այս նպատակին համար պատկառելի գումար մը մէջտեղ բերին: Այս առիթով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ միութեան անդամներուն, պատասխանատու մարմիններուն եւ բոլոր ազգայիններուն, որոնք ընդառաջեցին ՀՕՄ-ի կոչին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանգանակութեան»:
ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքի ճիգերով գոյացած այս յատկացման տնօրինումը պիտի կատարէ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւնը՝  ՀՕՄ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան հետ համախորհուրդ, գործակցելով հայ առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական յարանուանութիւններուն հետ:
«Տարբեր առիթներով հարցում ստացանք՝  ինչո՞ւ յատկապէս դպրոցներուն, երբ կասկածելի է անոնց վերաբացումը եւ սուրիահայութիւնը ներկայիս ընկերային այլ կարիքներ կը դիմագրաւէ: Կեդրոնական Վարչութիւնը տեղեակ է, որ ի գին որոշ յետաձգումի, դպրոցներու վերաբացման նախապատրաստութիւնները սկսած են եւ անհրաժեշտ քայլերը կ՛առնուին յարմարելու ստեղծուած ցաւալի պայմաններուն: Այս կացութեան մէջ, «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ի նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ը միաժամանակ երկու նպատակ կը հետապնդէ. թէ՛ ծնողներու նիւթական բեռը կը թեթեւցնէ՝  անոնց ուսերէն պատասխանատուութիւն մը վերցնելով, թէ՛ կը սատարէ հայեցի կրթութեան օճախներու պահպանումին, որոնք առանց անհրաժեշտ նիւթական միջոցներուն դժուար թէ իրենց կանոնաւոր գործունէութիւնը շարունակեն»,  բացատրեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Նայիրի Շահինեան:
Նկատի ունենալով, որ անցնող օրերուն հիմը դրուեցաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան, որուն մէջ ներառուած են հայկական կրօնական եւ աշխարհիկ բազմաթիւ կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, այսուհետեւ ՀՕՄ-ը սուրիահայութեան օժանդակութեան իր աշխատանքները պիտի շարունակէ համահայկական այդ նախաձեռնութեան ընդմէջէն: