Դամասկոսի Ճոպար թաղամասի մէջ անյայտ պայմաններով երէկ սպաննուած են երեք հայեր:

Այս մասին կը յայտնէ «Արմենփրես»ը՝  յղում կատարելով Դամասկոսի Հայոց առաջնորդարանին: Առաջնորդարանէն յայտնած են, որ սպաննուած են 49-ամեայ Պետրոս, 46-ամեայ Գէորգ եւ 22-ամեայ Լեւոն Մաթոսեանները: Առաջնորդարանը կը ջանայ անոնց դիերը հակամարտութեան տարածքէն հանել: