Իգնատիոս եպս. Մալոյեանի երանացման 10-ամեակ
2001 թուականին Յովհաննէս Պետրոս Բ. պապին կողմէ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներէն՝ Մարտին ծնած, իր եկեղեցական կեանքին մէջ օրինակելի եղած եւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Իգնատիոս եպս. Մալոյեան երանելի հռչակուեցաւ:
Այս իւրայատուկ դէպքին 10-ամեակին առիթով Կիրակի, 17 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Զմմառու վանքին շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը: Ներկայ էին նաեւ քաղաքական եւ եկեղեցական մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պշարա Ռայի պատրիարքը յատուկ կերպով շեշտը դրաւ իրենց հաւատքին ու քրիստոնէութեան համար նահատակուած Իգնատիոս եպս. Մալոյեանի, անոր ընկերակիցներուն եւ հայ ժողովուրդին կողմէ մարմնաւորուած այն երեւոյթին վրայ, որ յաղթանակը կը պատկանի մահուան գնով իրենց հաւատալիքներուն կառչած ազգերուն, որոնք նաեւ գիտեն յարութիւն առնել եւ անմահանալ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մէկուկէս միլիոն հայերը յաղթանակի մարմնաւորումներն են, ինչպէս նաեւ դիտել տուաւ, թէ Մալոյեան եպիսկոպոս եւ հայ նահատակները ցոյց տուին, որ մահէն եւ անարդարութենէն աւելի քաջ են ու իրենց արեամբ աւելի խոր ցանեցին քրիստոնէութեան սերմերը: Ան ընդգծեց, որ պատմութիւնը պիտի չմոռնայ թուրքերուն կողմէ հայութեան դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը:
Մարոնիներու պատրիարքը ապա անդրադարձաւ երանելի Իգնատիոս եպս. Մալոյեանի կեանքին ու նահատակութեան, դրուատեց անոր արժանիքները, որոնցմէ գլխաւորը իսկական քրիստոնեայ ըլլալն ու աղքատին, կարիքաւորին հասնելու նկարագրային գիծն էր: Անոր համաձայն, երանելին հաւատքի մարդ էր ու անոր պաշտպանը՝ կեանքի գնով, այդ պատճառով ալ կրցաւ վեհանալ, բարձրանալ պարզ կեանքէն ու նահատակութեան պսակը կրել: Ռայի պատրիարքը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ նաեւ երանելի Մալոյեանի նահատակութեան պատկերը, երբ անկէ եւ իր ընկերներէն պահանջուեցաւ կրօնափոխ ըլլալ՝ իրենց կեանքը փրկելու համար, սակայն անոնք բուռն կերպով մերժեցին ու նահատակուեցան, իսկ Մալոյեան եպիսկոպոս իր սպանութեան պահուն անգամ քաջութիւնն ու կարողութիւնը ունեցաւ ձեռքը բարձրացնելու եւ օրհնելու իր հօտը:
Իր խօսքը շարունակելով‘ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ հայ եկեղեցւոյ զաւակ երանելին ծառայեց ժողովուրդին, ենթարկուեցաւ իրմէ բարձր պաշտօն ունեցողներուն, պաշտպանեց մարդկային ամէն տեսակ իրաւունքներ, ընկերային արդարութեան համար պայքարեցաւ, օժտուած էր աստուածային արժանիքներով, Աստուծոյ սէրը պարուրած էր իր հոգին, այդ պատճառով ալ այսօր երկինքի արքայութեան մէջ ան իր ուրոյն տեղը ունի:
Իր խօսքի աւարտին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քալելու երանելի Մալոյեան եպիսկոպոսի ուղիէն, ներշնչուելու անոր քրիստոնէական ամուր հաւատքէն (Ռայի պատրիարքին արտասանած շահեկան խօսքը ամբողջութեամբ եւ թարգմանաբար կու տանք հետագային):
Եկեղեցական արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի մէջ արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մալոյեան եպիսկոպոսի արժանիքներուն, անոր նահատակութեան, ինչպէս նաեւ երանացման կարեւորութեան: Աւարտին Հայ կաթողիկէ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան կողմէ Մալոյեան եպիսկոպոսի ձեռքի խաչի նմանօրինակը յանձնուեցաւ Մարոնիներու Ռայի պատրիարքին, ինչպէս նաեւ երանելիին լուսանկարը կրող եկեղեցական իր մը:
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ձեռամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Շաբաթ, 16 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն հայր Ռաֆայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մինասեանի՝ իբրեւ նոր նշանակուած տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կեսարիոյ եւ առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց՝ Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա…
Արարողութեան ընթացքին պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց հայր Ռաֆայէլի նշանակման գծով Պենետիկտոս ԺԶ. պապի կոնդակը:
Արարողութեան աւարտին նորօք ձեռնադրեալ արքեպիսկոպոսը տուաւ իր անդրանիկ պատգամը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուած են զինք: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Աստուծոյ, որ արժանի նկատեց զինք սոյն բարձր կոչումին եւ քրիստոնեայ ստեղծելով զինք բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ դրաւ:
«Հպարտ եմ իմ ինքնութեամբս եւ պատկանելիութեամբս», հաստատեց գերապայծառ Մինասեան: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին՝ խոստանալով հաւատարիմ մնալ ընդհանրական եկեղեցւոյ ուսուցումներուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան, որմէ ստացած մտքի, սրտի եւ հոգիի կերտումին շնորհիւ կը գտնուէր ուր որ է հիմա: «Զմմառու Արծիւեան միաբանութիւնը, երկար դարերու ընթացքին, ի հեճուկս կեանքի անողորմ դժուա-րութիւններուն, սովին եւ զրկանքին կը շարունակէ անվերապահօրէն ծառայել հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին», հաստատեց գերապայծառ Մինասեան՝ աւելցնելով, որ միաբանութիւնը հալածուած եւ նահատակուած է հայ ազգի ճակատագիրին հետ միասին‘ սրբութեան խորանին հասցնելով սուրբեր եւ անհամար սրբակենցաղ հայ կղերականներ: