Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ վերջին երկու օրերը գերլարուած անցած են: Երէկ Նոր գիւղ հայկական շրջանի Զուարթնոց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մօտ որոտացած պայթիւնէն հայ աղջիկ մը զոհուած է:


Tert.am- հետ զրոյցի ընթացքին Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամուլի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանը հաստատեց տեղեկութիւնը, նշելով նաեւ, որ այդ պայթիւնի հետեւանքով եւս մէկ հայ՝ ուսի վիրաւորում ստացած է:
«Բաւական դէպքերով լեցուն օր մըն էր երէկ: Երէկ իսկապէս մէկ-երկու ռումբի հարց չէր: Գոնէ Նոր Գիւղի շրջանի մէջ մի քանի ռումբեր էին, տարբեր անկիւններուն եւ տարբեր ժամերու»,- ըսաւ ան:
Ժիրայր Ռէյիսեանը նշեց, որ եւս մէկ պայթիւն որոտացած է նախապէս  դատարկուած շէնքի մօտակայքին:
Համայնքի ներկայացուցիչը նաեւ հաստատեց տեղեկութիւնը, որ գիշերը բախումները շարունակուած են  հայկական ծերանոցի մօտակայքին: Ան նշեց, որ ծերանոցի շրջանը կարծես սահմանագիծ դարձած է ընդդիմութեան եւ կառավարական ուժերու միջեւ, ուր պայթիւնները յաճախակի են, «կրակոցներն ալ գրեթէ անպակաս են»:
Կրակահերթերը չեն դադրած նաեւ Ճեմարանի յետնամասին եւ Սահակեան վարժարանի չորս կողմը:

Սուրիական Բանակը Ընդդիմադիր Ուժերը Հալէպի Հայկական Որոշ Թաղամասերէն Դուրս Մղած Է

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է նաեւ, որ սուրիական բանակը Հալէպի մէջ յաջողած է վերատիրանալ որոշ տարածքներու, որոնց շարքին նաեւ հայկական թաղամասեր: Բանակը Ճիտէյտէ թաղամասը ապահով շրջան յայտարարած է, իսկ Պոսթան Փաշայէն Նոր Գիւղ երկարող շրջանը եւս իր վերահսկողութեան տակ առած է:
Ազգային առաջնորդարանի շրջանը դարձեալ անցած է կառավարական զօրքերուն վերահսկողութեան տակ: Ռէյիսեան  հերքեց այն լուրերը, թէ ընդդիմադիրները ուզած են գրաւել Կիլիկեան վարժարանը:
«Ազդակ»-ի Դամասկոսի թղթակիցը նաեւ կապ հաստատելով թերթին հետ, դիտել տուած է որ դժուարութեամբ  կը պահուի Հալէպի հետ կապը ուր կը շարունակուին լսուիլ կրակոցներու ձայներ Դիլալ-Ճիտէյտէ շրջանին մէջ, որ Հին Հալէպի թաղամաս կը նկատուի:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը նշած է, որ առայժմ դժուար է հաստատել տարածուած այն լուրերը, թէ այդ շրջանները անցած են Սուրիական ազատ բանակի հակակշիռին տակ, որովհետեւ սուրիական բանակը կը փորձէ այդ շրջանը իր վերահսկողութեան տակ պահել:

Սուրիահայերուն Ուղղուած Սպառնալիքները Կը Հերքուին

«ԵՐԵՒԱՆ», «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն», «Թերթ».- 24 Օգոստոսին «Շեմ Թայմզ» լրատու աղբիւրը յայտնեց, որ Սուրիոյ Յեղափոխութեան Գերագոյն խորհուրդը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով սպառնացած է սուրիահայ համայնքին՝ «աղէտ եւ աւերներ գործել»։ Աղբիւրը դիտել տուաւ, որ այս սպառնալիքները իրական են, որովհետեւ ընդդիմադիրներուն թիկունք կը կանգնի Թուրքիան, որ կանաչ լոյս տուած է անոնց՝ հայերուն վրայ յարձակելու։ Խորհուրդը իր յայտարարութեան մէջ «որոշ հայորդիներ» մեղադրած է «Ասատի ուժերուն հետ գործակցելու, սպանութիւններու պատճառ դարձած գործողութիւններուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ ռազմականօրէն սուրիական վարչակարգին սատարելու յանցանքով»։
Այս գծով «Արմէնփրէս» կապ հաստատած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ հայկական համայնքին ուղղուած սպառնալիք բովանդակող պաշտօնական յայտարարութիւն գոյութիւն չունի։ Ռէյիսեան  յայտնեց.  «Սուրիոյ մէջ համացանց չկայ, ուստի տարածուած լուրերուն պէտք չէ ականջ տալ։ Նման տեղեկատուութեան մասին Սուրիոյ հայութիւնը ունի յստակ դիրքորոշում՝ հակամարտութեան մասնակից որեւէ ուժի թիկունք չկանգնիլ։ Մեր յարգանքն ու զօրակցութիւնը ուղղուած է Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին, որ ունի մէկ նպատակ՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատել»։
Նման յայտարարութիւններու տարածման մէջ Ռէյիսեան չբացառեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։

153 Սուրիահայ Երեխաներ Եւս Հայաստանի Մէջ Պիտի Անցընեն Իրենց Ամառնային Հանգիստը

«Արմաւիա»-ի լրացուցիչ 2 թռիչքով Սուրիայէն Հայաստան ժամանեց սուրիահայ երեխաներու նոր խումբ մը՝ 153 երեխաներ:
Երեխաները 12-16 տարեկան են: Անոնք պիտի տեղաւորուին Հանքաւանի «Լուսաբաց» եւ «Յասմիկ» ճամբարներուն մէջ:
Սուրիահայ երեխաները Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց իր ունեցած վերջին տեղեկութիւնները:
Ըստ նախարարին, նախանցեալ օր երեկոյեան արդէն սուրիական կառավարական զօրքերը կը վերահսկէին հայաբնակ թաղամասերը, ուր որեւէ աւերուածութիւն եւ խուճապային իրավիճակ չկայ: Նախարարը նշեց, որ մարդիկ պարզապէս կը խուսափին փողոց ելլելէ:
Նշենք, որ Սփիւռքի նախարարի նախաձեռ- նութեամբ  հանդիպում հրաւիրուեցաւ սուրիահայերու եւ Հայաստանի տարբեր նախարարութիւններու ներկայացուցիչներու մօտ, ուր քննարկուեցան Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն առնչուող խնդիրները:
Սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով, Հայաստանի մէջ այժմ կը գտնուին 1700 սուրիահայեր: