Հայ Օգնութեան Միութեան միջազգային Երրորդ Նաւապտոյտը տեղի ունեցաւ Յունիս 30-էն Յուլիս 14-ի միջեւ, մասնակցութեամբ աւելի քան 210 ՀՕՄ-ականներու եւ հայ թէ օտար համակիրներու:
ՀՕՄ-ի այս Երրորդ Նաւապտոյտը եւրոպական զանազան ոստաններ այցելեց: Անոր մասնակիցները հաւաքուեցան Մեծն Բրիտանիա, ուր ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը թէ՛ գեղատեսիլ վայրերու շրջագայութիւններ կազմակեպած էր, թէ՛ յատուկ ընդունելութիւն մը որուն ընթացքին Նաւապտոյտի մասնակիցներն ու լոնտոնահայութիւնը հանդիպեցան իրարու:
Նախատեսուած ծրագրին համաձայն, Նաւապտոյտը ճամբայ ելաւ Մեծն Բրիտանիոյ Սաութհէմփթընի նաւահանգիստէն, այցելեց Ֆրանսայի Փրովանսի շրջանը, ապա Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքը, մայրաքաղաք Հռոմը, Քորսիքա կղզիի Աժաքսիոյ քաղաքը, ապա Սպանիոյ Սեւիլ քաղաքը: Նաւապտոյտը իր գագաթնակէտին հասաւ Փորթուգալի մայրաքաղաք‘ Լիզպոնի մէջ, ուր նախապէս կատարուած կարգադրութեան համաձայն հանրաշարժներ Նաւապտոյտի մասնակիցները նախ տարին շրջագայութեան մը դէպի Լիզպոնի պատմական ու տեսարժան վայրեր, ապա ուղղուեցան դէպի Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան թանգարանը: Այնտեղ Նաւապտոյտի մասնակիցները ընդունեց Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական ծրագիրներու փոխ-տնօրէնը, տեղի ունեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործին մասին կարճ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւն, ապա մասնակիցները շրջագայեցան թանգարանէն ներս, անոր տնօրէնին ընկերակցութեամբ, որ ո՛չ միայն սպառիչ պատասխաններ տուաւ հարցումներուն այլ բարձր գնահատեց հայկական խումբով Կիւլպէնկեան թանգարանը այցելելու ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւնը:
Լիզպոնէն ետք Սպանիոյ Վիկօ քաղաքին տրուած այցելութենէ մը ետք, զբօսանաւը վերադարձաւ Մեծն Բրիտանիոյ Սաութհէմփթընի նաւահանգիստը, ուրկէ նաւապտոյտին մասնակիցները իրենց երկիրները վերադարձան տանելով իրենց հետ ուրախ օրերու անմոռանալի յիշատակներ:
Նաւապտոյտին ընթացքին, նաւուն վրայ տեղի ունեցան չորս հայկական երեկոներ ու խնջոյքներ, զորս խանդավառեցին Արթուր Աբգարեանն ու իր նուագախումբը: ՀՕՄ-ի Օրուայ նշումի կողքին, որպէս մշակութային ձեռնարկ, մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցաւ Պարետ Մարոնեանի Ցեղասպանութեան Որբերը (Orphans of the Genocide) ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Նաւապտոյտի մասին գնահատանքի խօսքերն ու ելեկտրոնային նամակները կը շարունակեն հասնիլ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան: «Հրաշալի ժամանակ անցուցինք Նաւապտոյտի ընթացքին եւ հաստատ պիտի մասնակցինք յաջորդին»,- կ’ըսէ մասնակիցներէն մէկը: «Յատուկ շնորհակալութիւն Կիւլպէնկեան թանգարանի այցելութիւնը կազմակերպելու համար, որ Նաւապտոյտը հասցուց իր գագաթնակէտին»,- կը գրէ երկրորդ մը: «Ամէն ինչ սքանչելի կազմակերպուած էր. այս իմ առաջին մասնակցութիւնս էր ՀՕՄ-ի Նաւապտոյտին բայց հաստա՛տ վերջինը պիտի չըլլայ»,- կը գրէ երրորդ մը: «Յաջորդ Նաւապտոյտը ե՞րբ է. կը խնդրեմ անմիջապէս որ որոշէք‘ տեղեակ պահէք մեզ»,- կը գրէ ուրիշ մը:
«Շնորհակալ ենք Նաւապտոյտի բոլո՛ր մասնակիցներուն, որոնք իրենց հաճելիին միացուցին օգտակարը ՀՕՄ-ի այս նախաձեռնութեան մասնակելով, իմանալով որ անոր հասոյթը պիտի յատկացուի միութեան բարեսիրական ծրագիրնեուն: Մեր գաղութներու ապրած այսօրուան տագնապալի իրականութեան մէջ ՀՕՄ-ը կարիք ունի ամէն մէկ լումայի կարենալ ծառայելու համար աշխարհի տարբեր անկիւններու կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն»,- յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ ՀՕՄ-ի Նաւապտոյտի պատասխանատու Շաքէ Պասմաճեանը:
Յառաջիկայ ամիսներուն ՀՕՄ-ը պիտի յայտարարէ իր կազմակերպելիք յաջորդ նաւապտոյտի մանրամասնութիւնները:
ՀՕՄ-Ի 2012 ԱՄՐԱՆ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
2012-ի ամրան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակէն ներս վարժողական ծրագրի մասնակցեցաւ Դալար Մուրատեանը: Վեց շաբաթներու ընթացքին ան զբաղեցաւ ՀՕՄ-ի պատմական արխիւին մէջ տարիներու ընթացքին հաւաքուած լուսանկարներու թուայնացումով ու համակարգիչի անցուց 3600 լուսանկարներ, զանոնք պահ դնելով համակարգչային համապատասխան թղթապանակներու մէջ:
«Շատ հաճելի էր հետեւիլ Դալարին բծախնդիր աշխատանքին – արխիւներուն տուփերէն լուսանկարները դուրս բերելը, մէն առ մէկ թուայնացնելը, իսկական թէ թուայնացած լուսանկարներու յատուկ արխիւներու մէջ տեղադրումը եւ մանաւանդ ամէն մէկ լուսանկարի մասին արձանագրութեան մեքենագրումը»,- յայտնեց ՀՕՄ-ի Պատմական արխիւի պատասխանատու Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը: «Խրախուսիչ է մանաւանդ երիտասարդ տարրի հետաքրքրութիւնը տեսնելը դէպի մեր պատմութիւնը, որ անկասկած խթան պիտի հանդիսանայ որ ան նոր, այսօրուան պայմաններուն համապատախանող ծրագիրներ մշակէ մեր ժողովուրդի ծառայութեան համար»,- եզրափակեց ան:
«Ո՛չ միայն պատմական նկարներուն հետ աշխատանքը զիս հետաքրքրեց այլ ընդհանրապէս ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակի մթնոլորտը, աշխարհի չորս ծագերուն հայ համայնքներով ու անոնց խնդիրներով հետաքրքրութիւնը, պատասխաններու եւ լուծումներու հետապնդումը լրիւ նոր պատկեր մը բացաւ իմ դիմաց»,- յայտնեց Դալար Մուրատեանը, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կը սկսի համալսարանական իր երկրորդ տարուան դասընթացքներուն:
ՀՕՄ-ի կը ծրագրէ ամէն տարի վարժողական ծրագիրներ կազմակերպել Պոստոն: