Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ համանախագահներ Մուրատ Փափազեանէ եւ Հրաչ Վարժապետեանէ, որոնց կþընկերանային Մուրատ Արսլանեան եւ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան,

Յուլիսի վերջաւորութեան ընդունուած է Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են ֆրանսահայ համայնքը յուզող բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս՝ Պատժելիութեան օրէնքը, Նիսի ծուխէն ներս տիրող անհամաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ թրքական համայնքին մօտ նկատուող աշխոյժ կազմակերպումը: Պատուիրակութիւնը վերահաստատած է իր ամբողջական զօրակցութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ Ֆրանսայի  թեմակալ առաջնորդին:
Դաշնակցական պատուիրակները ընդգծած են ազգային  միասնականութեան կարեւորութիւնը: «Այն պահուն, երբ հայկական համայնքը դէմ-յանդիման կը գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ խոչընդոտներու, աւելի քան երբեք՝ անհրաժեշտ է ըլլալ միասնական եւ արտայայտուիլ մէկ ձայնով, ինչ որ կÿենթադրէ սերտ կապեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին միջեւ», ըսուած է այս առթիւ կուսակցութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Նորվան արքեպիսկոպոսը  բոլորովին բաժնելով այս տեսանկիւնը՝ ըսած է, թէ պատրաստ է գործակցելու: