«Արմենիա» առագաստանաւը իր առաջին շուրջերկրեայ նաւարկութեան  վերջին փուլով հանգրուանեց  Շրի Լանքայի Գոլլ քաղաքի նաւահանգիստը, որը կը գտնուի

մայրաքաղաք Կոլոմբոյէն 115 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ կղզիի հարաւ-արեւմտեան մասը: Այն իր շուրջերկրեայ նաւարկութիւնը սկսած էր  2009 թուականին՝ անցնելով սփիւռքի ճամբաներով:
2011 թուականի Յուլիս  18-ին Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ գրող-հրապարակախօս Զօրի Բալաեանի հրաւէրով Շրի Լանկայի մայրաքաղաք Կոլոմբօ մեկնեցաւ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Տ. Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեանը` գոհաբանական աղօթք վերառաքելու Բարձրեալին` «Արմենիա» առագաստանաւի խաղաղ նաւարկութեան եւ անձնակազմին  օրհնելու համար:

Հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէր Հնդկաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Յակոբեանը:
Գոհաբանական աղօթքէն ետք հայր Խորէնը իր խօսքին մէջ փառք եւ գոհութիւն առաքեց Երկնաւորին, որ «Արմենիան» խաղաղ եւ ապահով իրականացուց իր առաքելութիւնը եւ բարեյաջող կառանեց Շրի Լանկայի մէջ: Հնդկահայոց հոգեւոր հովուութեան անունով ողջունեց եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց  անձնակազմին` մաղթելով առագաստանաւին անվտանգ նաւարկութիւն դէպի Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս: