Այս պահուն, երբ սուրիական կառավարական ուժերը հիմնականօրէն հարաւի մէջ կը գտնուին, ընդդիմութեան ուժեր յարձակում գործած
են հայկական գիւղի մերձակայ Ֆրընլըխ զինուորական հենակէտին դէմ: Կիներն ու երեխաները անմիջապէս տեղափոխուած են Քեսաբի այլ գիւղերու մէջ, իսկ տղամարդիկ անցած են դիմադրութեան: Այս մասին Tert.am-ին յայտնեցին Դիւզագաջի բնակիչները:
Հայերու դիմադրութեան ընթացքին կառավարական ուժերը վրայ հասած են մարտադաշտ, չէզոքացնելով ապստամբներու յարձակումները եւ դիրքեր բռնած ենլ թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքին վրայ: