ՀՌՈՄ
Իտալական խորհրդարանը որոշեց դատախազութեան յանձնել երեսփոխան Ալֆոնսօ Փափայի պարագան, որ կաշառակերութեան գայթակղութիւններու շարք մը յանցանքներով ամբաստանուած է:
Խորհրդարանի որոշումը կայացաւ, հակառակ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի ճնշումներուն:
ԹԱՇԿԵՆՏ
Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի ցնցումին հետեւանքով՝ 13 հոգի սպաննուեցան եւ 80 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Փլատակ դարձած շէնքերուն մէջէն վերապրողներ դուրս բերելու աշխատանքը կը շարունակուի:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու որոշ շրջաններու մէջ ջերմաստիճանը հասած է 45 աստիճանի: Աւելի քան 24 նահանգներու մէջ բարձր ջերմաստիճաններ կը տիրեն որ պատճառ դարձած են 13 հոգի մահուան: Օդերեութաբանական հաստատութիւնը կը գնահատէ թէ տաք օդը պիտի շարունակուի, յատկապէս հարաւային Ֆլորիտայի շրջանէն ներս: