Ֆրանսահայերու Բողոք՝ Փարիզի Մէջ Ատրպէյճանական Կեդրոնի Բացումին Դէմ

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը իր բողոքի ձայնը բարձրացուցած է Փարիզի մէջ ատրպէյճանական կեդրոնի բացման դէմ:


Խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ատրպէյճանական կեդրոնի ստեղծման առնչուող ծրագիրը Ֆրանսայի նախարարական խորհուրդին ներկայացուցած են Ֆրանսայի վարչապետ Ժան-Մարք Էյրոն եւ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսը:
«Զարմանալի է, որ այս ծրագիրը նման  հրատապութիւն ձեռք բերած է այժմ, երբ անոր առաջադրումէն անցած է երեք տարի: Արդեօք Ֆրանսայի մէջ չկա՞ն այլ առաջնահերթութիւններ», հարց տուած են յայտարա-րութիւնը հրապարակողները։
Ֆրանսահայերը յիշեցուցած են, որ Ատըրպէյճան կը կառավարուի  Ալիեւներու «երկաթէ ձեռքով», «այդ երկրին մէջ կայ հակաժողովրդավարական, ցեղապաշտական վարչակարգ մը, որ ակնյայտօրէն կ՛ոտնահարէ մարդու իրաւունքները»:
Նաեւ նշուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ կը  տիրէ հակահայկական խելագարութիւն, իսկ Ալիեւը ողջ աշխարհի հայութիւնը կը նկատէ իր երկրի թշնամին:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի «մշակութային քաղաքականութեան»՝ ֆրանսահայերը շեշտած եւ յիշեցուցած են, որ նոյն այդ երկիրն է, որ Նախիջեւանի մէջ հիմնովին քանդեց Ջուղայի հինաւուրց խաչքարները։