Շարքը կը կրէ «Ազգային արգանդ. պէյպի-պում Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագիրը

Լոնտոնաբնակ ֆոթոլրագրող Անասթասիա Թէյլոր-Լինտի «Ազգային արգանդ. պէյպի-պում Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» լուսանկարչական շարքի նախագիծը, որը նախաձեռնուած է Սանթա-Ֆէ քաղաքի լուսանկարիչներու կազմակերպութեան ոչ առեւտրային կեդրոնին կողմէ, արժանացած է միջազգային հեղինակաւոր պարգեւի:


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն «Հայերն այսօր» լրատու կայքէջին տեղեկացուցին, որ Թէյլոր-Լինտի աշխատանքին մէջ ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ծնելիութեան խթանման պետական ծրագիրը, որու համաձայն՝ նորապսակներուն դրամական նպաստներ կը տրամադրուին իւրաքանչիւր նորածին երեխայի համար, ինչ որ նպատակ ունի ապահովելու Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով մեծապէս տուժած տարածաշրջանի ժողովրդագրական կայուն զարգացումը:
Անասթասիա Թէյլոր-Լինտին պիտի տրամադրուի 10 հազար ամերիկեան տոլարի չափով պարգեւ։ Ան իր աշխատանքային շարքը պիտի ցուցադրէ Սանթա-Ֆէ եւ Նիւ Մեքսիքոյի քաղաքներուն մէջ։ Նշենք, որ Սանթա-Ֆէ քաղաքի լուսանկարչական տարեկան փառատօնին ներկայ կը գտնուին հարիւրաւոր լուսանկարիչներ, խմբագիրներ եւ կազմակերպիչներ։ Այս մասնակցութիւնը շատ լաւ հնարաւորութիւն մը պիտի ըլլայ Արցախի մասին շարքը ժողովուրդի լայն զանգուածներու ներկայացնելու առումով։
Մրցոյթի յանձնախումբի անդամները կը ներկայացնեն Դանիան, Մեքսիքոն, Հոլլանտան, Սպանիան, Շուէտը, Մեծն Բրիտանիան եւ  Միացեալ Նահանգները:
Մրցոյթի կազմակերպիչներու յայտարարութեան մէջ կþըսուի թէ «անկախ այն վայրէն, ուր կը ցուցադրուին հեղինակին յաղթանակ բերած լուսանկարները, նշելի է թէ տուեալ աշխատանքը կը շօշափէ համընդհանուր թեմաներ, այն ինչ-որ չափով միջազգային ծաւալով լուսարձակի տակ կը բերէ մեզ բոլորիս վերաբերող հիմնախնդիրներ»:

Անասթասիա Թէյլոր-Լինտի լուսանկարները