Կիպրոսի «Արձագանգ» թերթը եւ «Կիպրահայ» կայքէջը կը հաղորդեն թէ կիպրահայ գեղանկարիչներու եւ լուսանկարիչներու ցուցահանդէս տեղի ունեցած է Նիկոսիոյ Կաստելիոտիսա պատմական սրահին մէջ:


Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Կիպրոսի նախագահութեան միջոցառումներու ծիրէն ներս կազմակերպուած ցուցահանդէսը իրագործուեցաւ  պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեամբ:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս, որ իր խօսքին մէջ ողջունեց ցուցահանդէսի նախաձեռնութիւնը եւ դրուատեց կիպրահայութեան հարուստ ներդրումը Կիպրոսի մշակութային եւ տնտեսական կեանքին մէջ:
Նախագահը շեշտեց, թէ կառավարութիւնը ոգի ի բռին կ՛աշխատի կիպրական հարցի արդար լուծումին համար, որպէսզի Կիպրոսը դառնայ խաղաղութեան եւ բարօրութեան երկիր, ուր սիրով ու համերաշխութեամբ պիտի բարգաւաճեն յոյներ, թուրքեր, մարոնիտներ, հայեր, լատիններ:
Ցուցադրութեան դրուեցան Կարպիս Պզտիկեանի, Սօսէ Էսկիճեան-Նիկոլայիտիսի, Թաթիանա Ֆերահեանի, Ճոն Կէվհէրեանի, Սեւան Մալիքեանի, Ազնիւ Փափազեանի, Նանոր Թաշճեանի, Վարդան Թաշճեանի, Հուրիկ Թորոսեանի, Ճորճ Տէր Բարթողի, Վերոնիքա Մահտեսեանի, Հայկազ Մանկոյեանի, Էդւարդ Ոսկերիչեանի, Սեպուհ Ոսկերիչեանի եւ Կիրակոս Զարդարեանի գործերը: