Եւրոգօտին սպառնացող տնտեսական տագնապի խիստ ճնշիչ մթնոլորտի մէջ, երէկ Կիրակի 1 Յուլիսին,  Կիպրոս ստանձնեց Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը։


Կիպրոսի կառավարութիւնը որպէս պատմական պահ բնորոշած է տուեալ ժամանակամիջոցին մէջ նախագահութեան ստանձնումը, դիտել տալով թէ յաջող նախագահութեան շրջան  մը մեծապէս պիտի սատարէ Կիպրոսի վարկի բարձրացման՝ եւրոպական ընտանիքէն ներս։
Կիպրոս չորս հիմնական առաջնահերթութիւններ ճշդած է որպէս թիրախ՝ վեցամսեայ իր շրջանին ընթացքին։ Հիմնական կէտը 2014-2020 բազմամեայ նախահա- շիւի մը կայացման հարցն է, որ զարգացման հնարաւորութիւններ  պիտի ընձեռէ անդամ¬երկիրներուն.  երկրորդ կէտը կը կայանայ եւրոպական տնտեսութեան կայունացման գործին մէջ։ Մնացեալ թիրախներուն մաս կը կազմէ սպառողներու պաշտպանութիւնը, շուկաներէն ներս թափանցիկութիւնը եւ ճընշուած տնտեսութիւններու մէջ գտնուող երկիրներուն մօտ օգնութեան արդար մեքանիզմի մը ստեղծումը։
Եւրոպական Միութեան որպէս նախագահող երկիր՝ Կիպրոս  կþընդունի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսը, որպէս պետական առաջին այցելութիւն։ Աւրամոփուլոս հանդիպումներ պիտի  ունենայ նախագահ Խրիսթոֆիասի եւ իր պաշտօնակից Կիպրոսի արտա-քին գործոց նախարար Էրաթօ Մարքուլիսի հետ։