Ֆրանսական հեղինակաւոր «Ֆիկառօ» թերթը կը գրէ, թէ Ռուսաստան Սուրիոյ հիւսիսային տարածքին՝ Թուրքիոյ սահմանին մօտ, նոր ձայնա-տեղորոշիչ կայան մը կառուցած է։

Կայանը սուրիական իշխանութեանց կարելիութիւն կու տայ հետեւելու սուրիացի ապստամբներուն։ Արդարեւ, այս կայանին գոյութիւնը երկու խնդիր կը լուծէ. նախ՝ Ռուսաստան կրնայ հետախուզական տեղեկութիւններ ունենալ Թուրքիոյ մէջ զետեղուած՝ ՆԱԹՕ-ի զինուորական համակարգերուն եւ մանաւանդ՝ Ատանայի ամերիկեան զօրակայանին մասին, երկրորդ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատ կրնայ տուեալներ ստանալ թուրք-սուրիական սահմանը հատողներուն վերաբերեալ։ Ուշագրաւ է, որ կայանը զե- տեղուած է Լաթաքիոյ նաւահանգիստէն 30 քմ. հիւսիս՝ հայաբնակ Քեսապի մերձակայքին, ուր կը բնակին հայ եւ ալեւի փոքրամասնութիւնները։  Ըստ «Ֆիկառօ»ի՝ ծովի մակարդակէն 1300 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Քեսապը՝ ռազմավարական նշանակութեան բարձունք մըն է։