«Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ «Արմաւիա» 2 Յուլիսէն սկսեալ կը վերականգնէ Երեւան-Հալէպ կանոնաւոր թռիչքները, որոնք պիտի կատարուին շաբաթը մէկ անգամ՝ Երկուշաբթի օրերը:

Յիշեցնենք, որ «Արմաւիա»ն կասեցուցած էր դէպի Սուրիա իրականացուող թռիչքները: Հայաստանի ու Սուրիոյ միջեւ ուղեւորներու փոխադրումները կը կատարէր եւ կը շարունակէ կատարել սուրիական ընկերութիւնը, որուն տոմսերը մինչեւ Օգոստոսի վերջը սպառած են: