Հնդկաստան թոյլատրած է պետական քարիւղ մշակող ընկերութիւններուն իրանական քարիւղ ներմուծել, ի դէպ‘ իրանական քարիւղատար նաւերով եւ ապահովագրութեամբ, կը յայտնէ Reuters-ը:


Յուլիս մէկէն Հնդկաստան օրական 200 հազար պարել իրանական քարիւղ պիտի  ներմուծէ: Այս ձեւով Հնդկաստան հաստատած է, որ կը հրաժարի Թեհրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներէն, որոնց հետեւանքով կը նախատեսուէր աւելի քան 20 տոկոսով նուազեցնել իրանական քարիւղի արտահանումը:
Ասիական խոշոր երկիրներէն Իրանի քարիւղը ներմուծողներէն միայն Հարաւային Քորէան է որ կը դադրեցնէ իր ներմուծումը‘ Յուլիս 1-էն սկսեալ: